Ըսած էի, որ Կաղանդէն եւ Տեառնընդառաջէն ետք, Զատիկն է, որ կ’ամբողջացնէ խանդավառ տօնակատարութեանց եռեակը: Իրականութեան մէջ, գարնան օրերուն հանդիպող այս շարժական տօնը, ձմրան ցուրտն ու մութը թօթափած, կու գայ արեւշատ օրերու պայծառութեամբ լեցնելու բոլորին հոգիները:
Զատիկ կը նշանակէ նոր զգեստ եւ կարմիր հաւկիթ: Այս երկուքէն զատ, ամէն ինչ երկրորդական է: Ծնողները իրենց բերնէն կը կտրէին եւ անպայման իրենց զաւակներուն նոր հագուստ եւ նոր կօշիկ կ’առնէին, որպէս նուիրագործուած աւանդոյթ: Թէ այդ նոր զգեստները մինչեւ կէսօր ինչի՛ կը վերածուէին, մի՛ հարցնէք:
Զատկուան նախապատրաստութիւնները կը սկսէին շաբաթ մը, նոյնիսկ՝ երկու շաբաթ առաջ, մասնաւորաբար այն տղոց համար, որոնք հաւկթախաղերուն անընդհատ յաղթելու նպատակով կեղծ հաւկիթներ կը պատրաստէին: Մեր դիմացի դրացիին տղան իր հօր ատաղձագործական աշխատանոցէն օգտուելով, փայտէ հաւկիթներ կը պատրաստէր, կը յղկէր, կը ներկէր ու այն աստիճան իրական հաւկիթի կը նմանցնէր, որ անկարելի կը դարձնէր անոնց կեղծ ըլլալը բացայայտելը դիմացի «զոհ»ին: Ուրիշներ թարմ հաւկիթին գլխիկէն ծակ մը կը բանային եւ անոր մէջի պարունակութիւնը պարպելէ ետք, մէջը զիֆթ (կուպր) կը լեցնէին բժշկական ասեղի մը օգնութեամբ:
Սովորաբար մարդիկ շաբաթ մը առաջ ապահոված կ’ըլլային իրենց անհրաժեշտ հաւկիթները, ու արհեստական ներկի բացակայութեան, սոխի կեղեւներով կը ներկէին. թէեւ սրճագոյնի մօտ կ’ըլլար ներկուած հաւկիթին գոյնը, սակայն ընդունուած կ’ըլլար բոլորին կողմէ: Ուրիշ միջոցներու դիմելով, կարգ մը արուեստասէրներ հաւկիթները կը զարդարէին զանազան գոյներով ու ձեւերով:
Հաւկթախաղը առաջին հերթին կ’ըլլար ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, ճաշի սեղանակիցներու միջեւ, խինդ ու ծիծաղով լեցնելով տունը: Իսկ դուրսը…
Զատկուան առաջին օրն ու ամբողջ շաբաթ մը երկարող հաւկթախաղերուն թատերաբեմը Նոր Գիւղի մզկիթին մօտակայքի եռանկիւնաձեւ, փոքր հողատարածքն էր, որ այսօր պարտէզի վերածուած է: Այդ տարածքին վրայ ոչ պակաս քան հարիւր հոգի, մեծ ու փոքր կը խռնուէին ու կը սկսէր հաւկթախաղը զանազան ձեւերով, որոնք հնարած կ’ըլլային մեծահասակները:
Ներկուած հաւկիթ մը այդ օրերուն կ’արժէր 3 ֆրանկ, այսինքն՝ 15 ղուրուշ: Հաւկիթը խաղի ընթացքին կոտրուելէ ետք, կէս գինով կը ծախուէր յատուկ գնորդներու, որոնք կա՛մ բազմանդամ ընտանիքի մը քանի մը օրուան նախաճաշը ապահոված կ’ըլլային, կամ ալ անոնց աժանութենէն բաւական օգտուող սանտուիչ պատրաստողներ էին:
Կեղծ հաւկիթով զինուածները կը դիտէին ու դէմքերէն կը գուշակէին անփորձ ու միամիտ զոհերը, կ’առաջարկէին խաղալ, ապա կոտրուած հաւկիթներով ծանրաբեռնուած՝ գնորդ կը փնտռէին. իսկ եթէ յանկարծ մէկն ու մէկը յայտնաբերէր կեղծ հաւկիթ մը, տեսնելու էր կռիւն ու իրարանցումը, զեղծարարին փախուստն ու հետապնդումը:
Շաբաթ մը ամբողջ, ամէն կողմ հաւկիթ կը հոտէր. շատեր խաշուած հաւկիթը լման բերաննին կը դնէին, ուրիշներ հաւկիթը կանաչեղէնի հետ հացի մէջ կը փաթթէին եւ կ’ուտէին, կարգ մը տանտիկիններ ալ հաւկիթով աղցան կը պատրաստէին:
Այսօր, գոյնզգոյն հաւկիթներով հաւկթախաղը կը շարունակուի տուներու, ակումբներու եւ երբեմն ալ դպրոցներու մէջ: Ազգ մը յատկանշող աւանդութիւնները պէտք է կենդանի պահել, որպէս ազգի շարունակականութեան ազդակ:
Յակոբ Միքայէլեան