Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան հովուական այցելութիւն տուաւ Ճինիշեան եւ Գարակէօզեան հաստատութեան: Սրբազան հօր ընկերակցեցան Կրօնական ժողովի ներկայացուցիչներ: Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի հաստատութեան տնօրէնուհի՝ Թալին Թօփալաքեան, ընդհանուր ակնարկով ներկայացուց հիմնարկին պատմականը, ապա անդրադարձաւ ցուցաբերուած հայանպաստ աջակցութեան մասին, որուն ծաւալուն գործունէութիւնը առանց ընդհատումի շարունակուեցաւ նոյնիսկ պատերազմի դառն եւ դժնդակ տարիներուն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէնուհիին եւ պաշտօնէութեան, որոնց նուիրական աշխատանքով եւ բարերարներու ճամբով մարդասիրական ծառայութիւնը իր բնականոն ընթացքով կը շարունակուի, մարդոց բազմաբնոյթ կարիքները բաւարարելու հեռանկարով:

Սրբազան հայրը շրջեցաւ գրասենեակները եւ իրազեկ դարձաւ տեղի ունեցած գործունէութեան, ապա իր օրհնաբեր խօսքերով խրախուսեց ծառայողները:

Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն բժ. Աւետիս Քէշիշեանի հետ: Մտերմիկ զրոյցին ընթացքին տնօրէնը հպանցիկ կերպով հաստատութեան պատմականը ներկայացուց, միաժամանակ տարուած մարդասիրական ծառայութեան մասին լուսաբանական բացատրութիւն տուաւ, ի մասնաւորի երեխաներու նկատմամբ ցուցաբերուած օժանդակութեան մասին խօսելով:

Սրբազան հայրը իր կարգին դիտել տուաւ նմանօրինակ գործերուն յոյժ կարեւորութիւնը, որուն ընդմէջէն Քրիստոսահաստատ սիրոյ սկզբունքը օրհնաբեր եւ հաղորդական ազդեցութիւն կ’ունենայ:

Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց երկու հաստատութեանց անձնակազմերուն յանձնառու կեցուածքին համար:

Սրբազան հայրը լաւատեղեակ եղաւ հաստատութեան ներքին դրուածքին եւ առօրեայ աշխատանքային դրութեան:

Սրբազան հայրը տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` պատուելի Պշարա Մուսաօղլիի հետ: Ան ներկայացուց բարեսիրական գործունէութեան բնոյթը եւ ընթացքը: Սրբազան Հայրը իր ջերմ ողջոյններով բարի երթ մաղթեց պատուելիին:

Աւարտին առնուեցան յիշատակի նկարներ: