Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճուտի Չու 1 Յուլիսին ներկայացուց առաջարկ մը՝ Արցախի սահմաններուն ապահովութեան մասին:
Քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկելի առաջարկներուն զօրակցող Չուի քայլը կը վերաբերի յատկապէս սահմանէն արձակազէնները հեռացնելու կէտին գործադրութեան, եւ ծանր զէնքերը շփման գիծէն հեռացնելու պահանջով:
Չու «անընդունելի» կ’որակէ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի շարունակակական խախտումները:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունեց այս առաջարկը, որուն մէջ նաեւ կը շեշտուի ԵԱՀԿ-ի դիտորդներուն թիւը աւելցնելու կարեւորութիւնը: Նշենք, որ նախաձեռնութեան համաձայն, կ’առաջարկուէր նաեւ սահմաններու երկայնքին տեղակայել յատուկ սարքեր, որոնք կը յայտնաբերեն զինադադարը խախտողը:
Քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկելի առաջարկները, որոնք առաջին անգամ ներկայացուած էին 2015-ի աշնան, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին նախկին նախագահ Էտ Ռոյսի եւ անոր ներկայ ատենապետ Էլիըթ Էնկելի կողմէ, ցարդ կը վայելեն Ներկայացուցիչներու տան առաւել քան 100 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը: