«Էրմէնիհապեր».-4 Յուլիսին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած է Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահի յետաձգուած ընտրութիւնը: Ուստի,13 քուէով տեղապահ ընտրուած է Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:
Աւելցնենք, որ տեղապահի թեկնածուներ առաջադրուած էին Կ. Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան եւ կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ Եպս. Մաշալեան:
Առաւօտեան պատրիարքարան մուտք գործած են միաբանութեան անդամները եւ ժողովի վայրէն ներս քուէարկած են իրենց նախընտրած թեկնածուին ի նպաստ:
Միաբանութեան 25 անդամներէն 11-ը քուէարկած է ի նպաստ Արամ Արք. Աթեշեանի: Անոնցմէ մէկն ալ ձեռնպահ մնացած է:
Տեղապահի պաշտօնը կարեւոր կը համարուի այն առումով, որ ընտրուած տեղապահը պիտի կազմակերպէ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը: Ըստ կրօնական կանոնադրութեան, այդ ընտրութիւնը պէտք է կազմակերպուի տեղապահի ընտրութենէն 6-ամիս վերջ:
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ նախկին պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի հիւանդութենէն յետոյ պատրիարքական աթոռը աւելի քան 10 տարի ըստ էութեան թափուր էր: