ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան առաջին լրատուականին հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին ըսաւ.«Մեր գնահատումով համահարթ եկամտահարկի դրուած ձեւը ոչ թէ միայն վնասակար է ընկերային առումով, այլեւ մեր երկրին մէջ կը խորացնէ անցեալի պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը, որ իր կարգին իրաւական, տնտեսական, ընկերային բացասական դրսեւորումներու ակնառու օրինակ է»:
Անոր համաձայն, համահարթ եկամտահարկը Հայաստանի մէջ ոչ միայն չ’ապահովեր այն նպատակը, որուն մասին կը խօսուի, այլեւ ընկերային հսկայական բեռ կրնայ յառաջացնել: «Փոխարէնը մենք կ’առաջարկէինք շատ աւելի լուրջ փոփոխութիւններ: Մասնաւորապէս, որ նոյն եկամտահարկը բաժնուէր երկու մասի, վերականգնուէր հարկերու վճարման դրութիւնը հասարակութեան կողմէ, եւ մնար եկամտային մաքուր հարկը: Սա կ’ապահովէր ե՛ւ ընկերային արդարութեան բաղկացուցիչը, ե՛ւ մարդոց վրայ յաւելեալ բեռ չէր դրուեր, եւ կ’իրականացնէինք կենսաթոշակային համակարգի իսկական փոփոխութիւն», ըսաւ Մինասեան:
Անդրադառնալով նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացումին, Մինասեան յայտնեց, որ սա դրական քայլ է, բայց նուազագոյն աշխատավարձերու բարձրացումը պէտք է ուղղակիօրէն կապուի կենսաապահովման պիւտճէին հետ: Մինասեան ըսաւ.«Շատ կարեւոր է որ մենք, որպէս պետութիւն, որպէս կառավարութիւն, գիտակցինք, որ ցած եկամտային քաղաքականութիւնը Հայաստանի տնտեսութիւնը յառաջ չի տանիր: Մեր կառավարութիւնը պէտք է գիտակցի, որ մենք ունինք չաւարտած պատերազմ, եւ մեր տնտեսութեան գերակշիռ մասը պէտք է պատերազմի տնտեսութիւն ըլլայ: Այս գիտակցութիւնը չկայ մեր մօտ: Մենք տեւաբար կը փորձենք հեծանիւ ստեղծել` մտածելով, որ մենք Եւրոպայի կեդրոնը կը գտնուինք, առանց թշնամիներու: Այսպէս մենք ստամոքսի հասարակութիւն կրնանք ստեղծել: Բայց այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Իրականութիւնը այլ բան է»։

Հեղինակ՝ Սոնա Յարութիւնեան