Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ «Նոր Սերունդի» ատենապետ Պերճ Քերթէշեան յայտնեց, որ ՀՅԴ «Նոր սերունդը» 10 Յուլիսին  Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիմաց պիտի նախաձեռնէ բողոքի ցոյց` ընդդէմ ֆրանս-ատրպէյճանական գործակցութեան: «Երկու հարց պիտի բարձրացնենք բողոքի ցոյցի ընթացքին: Մէկը` ֆրանս-ատրպէյճանական զինուորական գործակցութեան հարցն է, միւսը` ֆրանսական դատարանի կողմէն Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներուն միջեւ բարեկամական հռչակագրերը չեղարկելու հարցը», ըսաւ ան:

Ապա աւելցուց, որ տեղեակ է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութենէն, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վստահեցուցած է, որ ֆրանսական զէնքերը չեն օգտագործուիր հայ ժողովուրդին դէմ: Իրենք ալ, ըստ Պերճ Քերթէշեանի, լսած են Մաքրոնի այդ յայտարարութիւնը Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող ընթրիքի ընթացքին, սակայն անոր վստահելու հիմք չունին:

Քերթէշեան ըսաւ.«Մեզի համար սա  առայժմ միայն խօսք է, եւ չենք գիտեր պատերազմ ըլլալու պարագային անոնք  կ’օգտագործուի՞ն Արցախի դէմ, որքանո՞վ Ֆրանսան պիտի կարենայ  վերահսկել այդ զէնքերուն օգտագործման… դժուար է ըսել: Բայց եւ այնպէս տեղեկացանք, որ ֆրանսական ընկերութիւններէն մէկը Ատրպէյճանի հետ կը փափաքի զէնքի արտադրութեան ոլորտին մէջ գործակցութիւն հաստատել: Մեզ կը մտահոգէ, թէ ինչպէս Ֆրանսան արգելք ունենալով մէկտեղ Արցախեան հակամարտութեան կողմերուն զէնք վաճառելու, Ատրպէյճանի հետ կը գործակցի: Այս որոշումին դէմ պէտք է բողոքենք»:

Իսկ թէ ի՛նչ արդիւնք պիտի տայ անոնց բողոքի շարժումը, ըստ Պերճ Քերթէշեանի կախեալ է իրենց` շարժումի մասնակիցներուն աշխուժութենէն: «Եղածը տնտեսական մեծ գործարք է, սակայն կարելի է քաղաքական որոշման պարագային  չեղարկել», ըսաւ ան:

Պերճ Քերթէշեանի համաձայն, ֆրանս-ատրպէյճանական գործակցութիւնը ֆրանսահայ ողջ համայնքին զայրոյթը յառաջացուցած է: Վաղն ալ, ըստ անոր, բողոքը ՀՅԴ-ն նախաձեռնած է, սակայն իրենց կը միանան նաեւ ոչ կուսակիցներ:

«Հիմա դժուար է ըսել, թէ քանի՛ հոգի պիտի մասնակցի բողոքին: Պէտք է պարզապէս հաշուի առնել, որ հիմա նաեւ հանգիստի շրջան է․ հետեւաբար հաւանական է որ մասնակիցներուն թիւը ակնկալուածին չափ չըլլայ», ըսաւ ան:

Ստիպել Ֆրանսայի կառավարութիւնըը, որ հրաժարի Ատրպէյճանի հետ գործակցութենէն, անոր խօսքով, դիւրին չէ, քանի որ Ատրպէյճանն ալ ունի իր ազդեցութեան լծակները, մեծ գումարներ կը ծախսէ նաեւ քարոզչութեան համար:

«Մենք ամէն ջանք պէտք է թափենք կանխելու համար մեր եղբայրներուն դէմ ֆրանս-ատրպէյճանական գործակցութեամբ ապահովուած զէնքի օգտագործումը»:

Անդրադառնալով ՀՀ իշխանութիւններուն ֆրանս-ատրպէյճանական գործակցութեան մասին արձագանգներուն, Պերճ Քերթէշեան նկատեց.

«Մեզ զարմացուցած է Հայաստանի արձագանգը: Կ’ակնկալէինք, որ աւելի գործուն եւ պահանջկոտ ըլլային այս գործակցութեան ընդառաջ, եւ ոչ միայն  վստահէին, այլ որոշակի քայլեր առնէին՝  կանխելու համար զայն: Հիմա համայնքն ալ անոնց կը սպասէ եւ կը զարմանայ` ինչու՞ չեն շարժիր, ինչու՞ քայլերու չեն ձեռնարկեր»:

Հեղինակ
Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան