«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ մէջ դատ բացուած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Իսլամը» հատորին հեղինակին դէմ։

Արդարեւ, թուրք քաղաքացի մը Իզմիրի մէջ դատական հայց ներկայացուցած է հատորին հեղինակին՝ Տենիզ Տղայսպուշի եւ հատորին խմբագիրին՝ Էմրէ Աքարի դէմ, դատապարտելով գիրքին մէջ գտնուող «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները»:

«Գիրքին մէջ մեր երկիրը եւ ազգային արժէքները նսեմացնող արտայայտութիւններ կան: Կը պահանջեմ, որ անյապաղ անհրաժեշտ իրաւական գործընթացը սկսի վերոյիշեալներուն դէմ», կ՛ըսուի  հայցին մէջ: