«Ապառաժ».-  15 Յուլիսին, Ստեփանակերտի Աշոտ Բեկորի անուան 2 թուակիր դպրոցին մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամները մեկնարկը կատարեցին ՀՅԴ պատանեկան բանակումի  2-րդ շաբթուան:

Պատանիները օրը սկսան Արցախի քայլերգով: Մարզական խաղերուն յաջորդեցին դասընթացքները:

Կուսակցութեան Արեւմտեան շրջանը գլխաւորող սփիւռքեան մեր հայրենակից Մայքլ Քոլոքոսեան ըսաւ, որ բանակումը կ՛ընդգրկէ 240 պատանի: Անոր համաձայն, պատանիներուն ուսուցումը տեղի կ՛ունենայ ազգային երգ ու պարերով, ձեռարուեստով, մարզական եւ ուսուցողական խաղերով, Դաշնակցութեան պատմութեան մասին դասընթացքներով հագեցած անհրաժեշտ ձեռնարկներով:

«Ջերմ ու ընկերական յարաբերութիւններ կը ձեւաւորուին Արցախի եւ Ամերիկայի հայ պատանիներուն միջեւ, անոն զիրար կը դիմաւորեն ծաղիկներով եւ խորհրդանշական նուէրներով: Մեր գլխաւոր նպատակն է, որ պատանիները ճանչնան իրար, նոր գիտելիքներ ստանան, գնահատեն ազգային արժէքներն ու Դաշնակցութեան դերը»: