«Արմէնփրէս».- Երևան-Սեւան-Իջեւան- Ատրպէյճանի սահման միջպետական  ճամբուն միջին նորոգութեան աշխատանքները սկսած են որոշ հատուածներու մէջ: Ճամբուն նորոգութեան աշխատանքներուն անձամբ կը հետեւի «Հայաւթոճան» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնակատար Գոռ Աւետիսեան:

ՀՀ Տարածքային Կառավարման և
Ենթակառոյցներու Նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած են, որ նորոգութեան  նպատակն է կուպրապատել եւ հարթ դարձնել ճամբան:

Անվտանգ երթևեկութիւն ապահովելու նպատակով՝  նորոգման տեղամասերուն վրայ զետեղուած են համապատասխան ճանապարհային նշաններ: Նախարարութեան մամլոյ ներկայացուցիչը երթեւեկութեան առժամեայ խանգարումին համար վարորդներուն ներողամտութիւնը հայցած է եւ յորդորած պահպանել երթեւեկութեան կանոնները: