«Ապառաժ».- Երեքշաբթի, 16 Յուլիսին, ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնը այցելեցին պատանեկան ճամբարներու ծրագիրով Արցախ գտնուող Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամները:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Վահրամ Բալայեան եւ Վահագն Դադայեան ու ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամները հանդիպեցան ամերիկահայ երիտասարդներուն հետ եւ անոնց ներկայացուցին տեղւոյն կառոյցի գործունէութիւնը: Անոնք նաեւ պատասխանեցին երիտասարդներուն հարցումներուն: