«Հորիզոն».-11-12 Յուլիսին, ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան Միութեան անդամ 44 պատանիներ եւ 7 պատասխանատուներ ու վարիչներ Քեպէքէն, Օնթարիոյէն եւ Վանքուվըրէն մեկնեցան Հայաստան, մասնակցելու երկու շաբաթներու վրայ երկարող 9րդ հայրենագնացութեան։
Շրջապտոյտի ընթացքին պատանիները պիտի այցելեն Հայաստանի պատմական տեսարժան վայրերը։ Խումբը երեք օրով պիտի իջեւանէ նաեւ Արցախ։ Պատանիները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու տեղական պատանեկան միութեան անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ աշխատանքային ձեռնարկներ պիտի ունենան:
Այս իմաստով, Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը իր երախտագիտական խոր զգացումները կը յայտնէ հայաստանագնացութիւնը համակարգող յանձնախումբի անդամներուն՝ իրենց հետեւողական աշխատանքին համար, ծնողներուն՝ իրենց հաւատքին ու վստահութեան եւ պատկան մարմիններուն եւ գաղութներու անդամներուն իրենց ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան համար:

Քանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմին