«Ազատ Օր».-Յունաստանի Կանանց Միջազգային Կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 2 Յունիս 2019ի երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի «Գալամարիա» շրջանի ծովեզերեայ վայրին մէջ, բազմահազար ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ «Food For Good» 22-րդ ճաշի փառատօնը, աւելի քան 30 երկիրներու մասնակցութեամբ։ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի կողմէ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ․Գ․Խ․ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիները, համագործակցելով յունական մանկական գիւղ՝ «Ֆիլիրօ»ի հետ՝ հայկական աւանդական ճաշեր եւ ուտեստեղէն հրամցնելով ժողովուրդին։

Պէտք է ըսել, որ մասնաճիւղի անդամուհիները տքնաջան աշխատանքով կարողացան հայութեան անունը բարձր պահել։ Սոյն ձեռնարկին այցելեցին նաեւ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ․ Փաշայեան, Թաղական խորհուրդի եւ շրջանիս մէջ գործող միութիւններու անդամ-անդամուհիներ, ինչպէս նաեւ այլ կամաւոր անհատներ, իրենց բարձր գնահատանքը յայտնելով տիկիններու անխոնջ աշխատանքին։ Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան «Մասիս» պարախումբը՝ հայ պարն ու հայ արուեստը հրամցնելով օտարներուն։
Աւելցնենք, որ սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի բարեգործական նպատակներու։