«Արմէնփրէս».- Ամերիկայի Հայկական համագումարի մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ամերիկայի Հայկական համագումարը 2019-ի Ազգային համաժողովի եւ շքահանդէս-համերգի ընթացքին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ԱՄՆ քոնկրեսական Ճեքի Շպայերին` ի նպաստ Հայաստանին կատարած աշխատանքին համար:
Համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայեան Արտունին յայտնած է.«Ամերիկայի Հայկական համագումարը հպարտօրէն իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ քոնկրեսական Ճեքի Շպայերին, որ օրինակ կրնայ ըլլալ բոլոր ամերիկացիներու համար: Անոր սատարումը ժողովրդավարական Հայաստանին ամբողջովին կը համապատասխէ Հայաստանի հիմնական արժէքներուն, ինչպէս նաեւ համագումարի առաքելութիւններուն` աջակցելու ժողովրդավարութեան»:
13 Յունիսին ԱՄՆ քոնկրեսական, Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնաժողովի անդամ Ճեքի Շպայեր կոչ ուղղած է 40 մլն. տոլար աւելցնելու Հայաստանին տրուած աջակցութեան վրայ:

«Ես բարձր կը գնահատեմ Ամերիկայի Հայկական համագումարի կարեւոր աշխատանքը, որ ուղղուած է ԱՄՆ-ի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը ունին շատ հզօր ժողովրդավարական միացեալ արժէքներ, որոնք շարժառիթ դարձած են իմ կոչիս համար: Ես կը կարծեմ, որ մեր յարաբերութիւններու լաւագոյն օրերը պիտի գան, որովհետեւ մենք կ’աշխատինք միասին, որպէսզի կառուցենք բարգաւաճ ու ժողովրդավար Հայաստան», ըսած է Շպայեր:
Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին Շպայեր անընդհատ աշխատանք տարած է Հայաստանն ու Արցախը Քոնկրեսի օրակարգի առաջնահերթութիւններու շարքին մէջ պահելու համար: