1. Լայն գիտելիքներու տէր է:
2. Բնաւ չ’ըսեր. «Ես գիտեմ»:
3. Լուրջ է իր գործին մէջ, իսկ ազատ պահերուն՝ իր աշակերտներուն ընկերն է:
4. Աշակերտին օգնականն է:
5. Կը հասկնայ իր աշակերտներուն:
6. Կրնայ կարդալ իր աշակերտներուն մտածումները:
7. Կը սիրէ իր աշակերտները:
8. Խտրութիւն չի դներ աշակերտներուն միջեւ:
9. Կ’ուղղէ աշակերտները դէպի շիտակ ճամբայ:
10. Դաս տալու հետ, նոյնքան հոգ կը տանի իր աշակերտներուն դաստիարակութեան:
11. Իր ժամանակը եւ կեանքը կը նուիրէ իր աշակերտներուն:
12. Բծախնդիր ու պահանջկոտ է, պէտք եղած ատենը՝ խիստ:
13. Իրեն համար մեծագոյն վարձատրութիւնը իր աշակերտներուն կրթական փայլուն վիճակն է:
14. Դասը սրտանց կը բացատրէ:
15. Անշահախնդիր կերպով կը կատարէ իր գործը:
16. Դպրոցին մէջ իր անձնական շահը չի փնտռեր:
17. Լաւ բնաւորութիւն ունի: Բարձր է իր արժանապատուութիւնը:
18. Երբեք չի յուսահատիր:
19. Շատ լաւ Մարդ է:
20. Իր աշակերտներուն սիրելին է:
ԺԱ. Կարգի Աշակերտներ (2012-2013 տարեշրջան)
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան