«Արմէնփրէս».-Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Մոսկուա կատարած աշխատանքային  այցելութեան ընթացքին՝ 21 Յուլիսին, հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի պատասխանատու Ներսէս Ներսէսեան ողջունելով Զարեհ Սինանեանը եւ անդրադառնալով գլխաւոր յանձնակատարի Ռուսաստանի Դաշնութեան այցելութեան ըսած է . «Համախմբումի շունչ զգացուեցաւ: Դուք յաջողեցաք առանձնակի ջանքերով  համախմբել տարբեր շրջանակներ»:

Գլխաւոր յանձնակատարը կարեւոր համարած  է Սփիւռքի մէջ  գործող կառոյցներու համախմբուած աշխատանքը եւ ներկայացուցած է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան իր տեսլականը: «Ուր որ գտնուած եմ, միշտ եղած եմ հայրենիքիս զինուորը», իր խօսքը եզրափակելով ըսած է Զարեհ Սինանեան: