Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ.Եպս.Զօպուեանի Ճէզիրէի հայութեան եռօրեայ այցելութեան շրջագիծին մէջ, սրբազան հօր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամ՝ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Հռիփ Կանանեան այցելեց Գամիշլիի ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղին: Ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ վարչութեան եւ անդամուհիներուն կողմէ: Հանդիպումի ընթացքին Շրջանային Վարչութեան անդամ Լուսին Յովհաննէսեան եւ մասնաճիւղի ատենապետ Անի Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեցին Շրջ. Վարչութեան ատենապետին: Այնուհետեւ Հռիփ Կանանեան ամբողջական զեկոյց մը ներկայացուց Շրջանային Վարչութեան լայնածաւալ գործունէութեան մասին, անդրադառնալով մօտիկ ապագայի ծրագիրներուն իրականացման համար ակնկալուած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերու յարաբերութեան եւ աշխոյժ գործակցութեան անհրաժեշտութեան:
Երեքշաբթի, 16 Յուլիսին, ՍՕԽ-ի ատենապետը այցելեց Հասիչէի «Լոռի» Մասնաճիւղին, իսկ Չորեքշաբթի, 17 Յուլիսին՝ Տէրիքի «Սարդարապատ» Մասնաճիւղին, ընկերակցութեամբ Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղի ատենապետին եւ Շրջանային Վաչութեան անդամ Լուսին Յովհաննէսեանի: Կանանեան մօտէն ծանօթացաւ մասնաճիւղերու աշխատանքին եւ իրազեկ դարձաւ շրջանի գործունէութեան եւ ներկայ պայմաններուն մէջ ստեղծուած խոչընդոտներուն ու դժուարութիւններուն: Ճէզիրէի շրջանին մէջ գործող ՍՕԽ-ի երեք մասնաճիւղերը ոգեւորուած եւ խանդավառուած դիմաւորեցին ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետը, որ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն