Երեքշաբթի, 23 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11: 30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան այցելութիւն տուաւ Յոյն Ողղափառ Համայնքի Առաջնորդական տեղապահ Մար Մուսա Խասի վարդապետին: Թեմակալ Առաջնորդին ընկերակցեցաւ Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան: Հանդիպման ընթացքին թեմիս առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց տեղապահին, որ ներկայ գտնուած էր իր պաշտօնական եւ ժողովրդային ընդունելութեան: Վարդապետը իր կարգին համայնքին անունով բարի երթ մաղթեց թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որպէսզի անսպառ թափով շարունակէ իր հովուական ծառայութիւնը:
Աւարտին, Մասիս սրբազան լաւատեսութեան եւ եղբայրասիրութեան անդրադարձաւ, որոնցմով կարելի կ`ըլլայ յաղթահարել ներկայ մարտահրաւէրները եւ հաւաքաբար լուծել եկեղեցին յուզող հարցերը: