«ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ. ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ 2011-2018»
Շաբաթներ առաջ տեղի ունեցաւ ուսումնասիրող տիար Լեւոն Զաքի Ետալեանի «Գոյութեան Մարտահրաւէր. Սուրիոյ Հայութիւնը 2011-2018» գիրքին շնորհանդէսը։
Ողջունելի էր գրքին արաբերէն հրատարակումը, որուն շնորհիւ մեր սուրիացի արաբ եղբայրները կարելիութիւն կ’ունենան իրենց լեզուով կարդալու եւ սուրիահայ համայնքին ընդհանուր յոյզերն ու յոյսերը ճանչնալու։
Գիրքը իր ամբողջական առումով գոհացուցիչ անդրադարձ ձգեց հանդիսատեսներուն, ապա նաեւ ընթերցողներուն վրայ։
Գիրքը քարոզչական նպատակներ հետապնդելով հիանալի սլացք ունեցաւ իր տպագրական գեղեցիկ տեսքով եւ հանրութեան կողմէ շնորհանդէսին արժանացած դրական արձագանգով։
Որպէս ընթերցող կ’ուզեմ քանի մը մատնանշում կատարել։
Կարդալով եթէ թափանցենք սոյն գիտաշխատութեան ծալքերը՝ կը նկատենք որոշ բացթողումներ, որոնք կը հակադրուին նոյնինքն գոյութեան մարտահրաւէրի գաղափարին հետ։
Որպէս ընթերցող, յիշեցման կարգով կը փորձեմ արձանագրել հետեւեալները.
Ա.- Գրքին մէջ յիշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանային միջնորդութիւնը, սակայն անդրադարձ չէ կատարուած անկէ ակնկալուած դերակատարութեան, Սուրիոյ եւ Հայաստանի ազգային դիմադրողական առանցքին մաս կազմելուն եւ երկու հանրապետութիւններուն դրական գործունէութեան, որ կ’երաշխաւորէ շրջանային խաղաղութիւնը, ապա անկէ բխող միջազգային հաւասարակըշռութեան պահպանումը, ոչ թէ սոսկ նեղ սեփական միջնորդութեան պայմանով։
Բ.- Յիշուած են Արցախի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները, զանոնք զարգացնելու հաւանականութիւնները, շահեկան պիտի ըլլար յիշել նաեւ Թուրքիոյ «եղբայր» Ատրպէյճանի սիրոյն կիրարկած շրջափակման քաղաքականութիւնը եւ այդ բացասական քաղաքականութեան անդրադարձը՝ հայ-սուրիական առեւտրական յարաբերութիւններուն վրայ։
Գ.- Յիշուած են կրօնական թէ աշխարհիկ անձնաւորութիւններու անուններ, որոնք մնացած են անձնական ծանօթութեան շրջագիծի մէջ, առանց լուսարձակի տակ առնելու անոնց եւ ուրիշներու սուրիական ընդհանրական հանգամանքները եւ անկէ բխող միջինարեւելեան քաղաքական համարժէք ազդեցութիւնը։
Դ.- Որքան կարեւոր, նոյնքան զգայուն թեմաներէն մէկը կը համարուի Թուրքիոյ մէջ հայկական դրամագլուխի եւ աշխատող միտքի ու ձեռքի գոյութիւնը։ Նախընտրելի էր նոյն գաղափարի շրջուածութիւնը, այսինքն՝ Թուրքիոյ քանդիչ, իսկ Սուրիոյ վերածնունդի նպաստող դերերուն ընդգծումը, Սուրիոյ զարգացման գործընթացին հայութեան բերած ներդրումը, եւ Սուրիոյ մէջ հայութեան նկատմամբ յարգանքի եւ վստահութեան դրսեւորումը։ Աւելին. Սուրիոյ մէջ, պետական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ հայութեան ապրելու, գործելու եւ ծաղկելու առիթ ընծայելու մտայնութիւնը։
Ե.- Յիշուած են իսլամական կրօնքին դրական կողմերը, սակայն այդ բաժինը կը հարստանար եթէ անոր կցուէր Սուրիոյ մէջ կրօնքներու խաղաղ գոյակցութեան փաստը, միւս կողմէ թրքական աղբիւրէն սնած հաւատադրժողական գաղափարաբանութեան աւերիչ դերը։
Զ.- Գիրքը անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ շաղկապած է զայն բարի կամեցողութեամբ, ազնիւ նպատակներով ու անձնական միջնորդութեամբ Սուրիական պետական պաշտօնական ճանաչումին հետ։
Այո, Սուրիան այն եզակի երկիրներէն է, որուն մէջ պետական թէ ժողովրդային առումով բարձր մակարդակներով յիշատակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, սակայն զայն կապելը պետական պաշտօնական ճանաչումին հետ այլ բան է։
Սա քաղաքական ուղեգիծ մըն է, որ կրնայ ունենալ չորս հաւանական տարբերակ.
1.- Սուրիան պաշտօնապէս ա՛լ պէտք է ընդունի, որպէսզի ընդունող երկիրներու շարքին մաս կազմէ։
2.- Սուրիան պէտք է ընդունի, որպէսզի այդ ճանաչումը ճամբայ հարթէ որոշ քաղաքական գործընթացի մը, որ մեծապէս կը նպաստէ Հայ Դատի լուծման։
3.- Սուրիան առանց պաշտօնական ճանաչումի անցնի յիշեալ քաղաքական ընթացքին, որպէսզի կարենայ նպաստել Հայ Դատին։
4.- Սուրիան ոչ պաշտօնապէս, ոչ ալ անպաշտօն ընդունի այս ձեւի եւ խորքի որեւէ բանաձեւ կամ գործընթաց։
Վերոյիշեալները վիճելի հարցեր են ներազգային եւ պաշտօնական մակարդակներով, որոնք կը բացակային սոյն գիրքին կիզակէտէն։
Է.- Հալէպը հայութեան համար ե՛ւ երազային է, ե՛ւ ծննդավայր, մեր մանկութեան, պատանութեան, թէ երիտասարդութեան յիշատակներուն հանրագումարը, սակայն ասոնք չեն սուրիահայութիւնը կանգուն պահելու հիմնական ճիգերուն խորքային իմաստը։
Հալէպը, աշխարհաքաղաքական առումով, հայ ժողովուրդի իրականութեան, երկու բեւեռներէն՝ հայրենիք ու Սփիւռք, երկրորդին հոգեկան եւ մարդուժի պատրաստութեան մայրաքաղաքն է, որ բարոյապէս կ’իշխէ բոլոր արեւմտահայոց մտքերուն ու հոգիներուն վրայ։ Այս մէկը ունի քաղաքական իմաստ եւ արժէք, որ տեղ չէ գտած սոյն գիրքին մէջ։
Ը.- Վերջապէս գիրքին մէջ կը բացակայի լուծումը։ Հնչած բոլոր միտքերն ու գաղափարները առաջադրանքներ են միայն, որոնց լուծումը չէ ներկայացուած, չէ յայտնաբերուած սուրիահայութեան վսեմ առաքելութիւնը, որ կը միտի ծառայել հայ ազգին եւ հայոց հայրենիք Հայաստանին, սուրիական դիրքերէն, սուրիական կարելիութիւններու օգտագործումով։
Արամ Աւագեան