«Հորիզոն».- Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ին, Վանաձորի Շարլ Ազնաւուր Մշակութային կեդրոնին մէջ սկսաւ ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան (ՔԵՄ) Վանաձորի 9-րդ ճամբարը, Վանաձորէն եւ շրջակայքէն մօտ 200 պատանիներու եւ Քանատայէն ու Հայաստանէն 22 վարիչներու մասնակցութեամբ:

Առաւօտեան ժամը 10։00-ին կեդրոնին դռները բացուեցան, եւ տեղի ունեցան երեխաներուն ու պատանիներուն արձանագրութիւնները, ապա ՀՅԴ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Ալեք Օհանեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ եւ ծնողներուն ու պատանիներուն հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ ճամբարի ծրագրին մասին:

Ըստ տարիքի, պատանիները բաժնուեցան խումբերու եւ ուղղուեցան դաշտ՝ մարզանքի: Ճաշի դադարէն ետք, ճամբարայիններուն բաժնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած ճամբարի յատուկ գրքոյկ, որուն մէջէն պատանիները սորվեցան «Մշակ, Բանուոր» քայլերգը, եւ իրենց տրուեցաւ ՀՅԴ-ի մասին ամփոփ ընդհանուր տեղեկութիւններ:

Ճամբարի առաջին օրուան յայտագիրը փակուեցաւ «Մշակ, Բանուոր»ով եւ «Մեր Հայրենիք» օրհներգով: