29 Յուլիսին Աւստրալիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սիտնիի մէջ հանդիպում ունեցած է Աւստրալիոյ Հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Աւետարանչական ընկերակցութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ատենապետի հետ, որ տեղի ունեցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդարանէն ներս: Մասիս Մայիլեան կարեւոր համարած է նման ձեւաչափով հանդիպումը, որ կարելիութիւն կու տայ միտքեր փոխանակելու Արցախի հետ Աւստրալիոյ հայ համայնքի կապերու զարգացման եւ միատեղ ծրագրերու իրագործման:

Նոյն օրը Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամները այցելած են Սիտնիի Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Քոլսթըն ճեմարան, ուր ծանօթացած են կրթօջախի պայմաններուն եւ գործունէութեան:
Ճեմարանին մէջ պատուիրակութեան պատուին կազմակերպուած է հանդիսաւոր նախաձեռնութիւն, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Արցախի ԱԳՆ ղեկավար Մասիս Մայիլեան ու Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան: Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ալեքսանտր վարժարանը:

Նոյն օրը Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակէն ներս տեղի ունեցած է հանդիպում յանձնախումբի անդամներուն հետ, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են իրագործելի միատեղ ծրագրերը:
Երեկոյեան Արշակ եւ Սոֆի Քոլսթըն ճեմարանի սրահին մէջ Աւստրալիոյ հայկական շուրջ երկու տասնեակ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ հոգեւոր առաջնորդներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ընդունելութիւն: Ողջունելով պատուիրակութիւնը` հայ համայնքի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են հետեւողականօրէն շարունակելու աջակցիլ Արցախի Հանրապետութեան զարգացման ու հզօրացմանը: Նախաձեռնութեան ընթացքին Մասիս Մայիլեան եւ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձած են Արցախի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան առնչուող հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու խորացման կարեւորութեան:

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն