Կը թուի թէ Իտլիպի ազատագրումը, սուրիական տագնապի աւարտական փուլին, շատ մը հարցերու լուծման պիտի առաջնորդէ: Այս իսկ պատճառով ազատագրումը այնքան ալ կախեալ չէ կողմէ մը, որքան տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն հետապնդած նպատակներէն:
Թուրքիան Իտլիպի հարցով մէկ կողմէն կը փորձէ արձագանգել ռուսական կողմին յորդորներուն, լուռ մնալով ռուսական օդանաւերուն Իտլիպի զինեալներուն ուղղուած յարձակումներուն ի տես եւ խոստանալով իրագործել Սոչիի պայմանագրութիւնը: Միւս կողմէն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ սուրիական բանակին յառաջխաղացքը կասեցնելու՝ մերթ զօրակցելով զինեալ ահաբեկիչներուն, մերթ քրտական գործօնի տկարացման պատրուակով Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ աւելի քան 80.000 զինուոր տեղակայելով, պատեհ առիթին Սուրիոյ ուղղութեամբ զինուորական մեծ գործողութեան մը ձեռնարկելու հեռանկարով:
Իսկ ինչպիսի՞ լծակներ կ’օգտագործէ Միացեալ Նահանգները: ԱՄՆ-ի Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ, այսպէս կոչուած, ապահովական գօտի յառաջացնելու Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան ձգձգումը կը պարզէ ռուս-թրքական մերձեցումը անվստահելի զարգացում համարելու ԱՄՆ-ի կողմնորոշումը, եւ քրտական խաղաքարտը չկորսնցնելու վերջինիս հեռանկարը: Ռուսիոյ կողմէ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու Թուրքիոյ մատակարարումը եւս բնականաբար անպատիժ պիտի չմնայ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ: ԱՄՆ շրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը պահելու համար առաւելաբար կը վստահի իր քիւրտ համախոհներուն, միեւնոյն ատեն համաձայնութեան եզրեր որոնելով Ռուսիոյ հետ: Վերլուծաբաններ կը հաստատեն, որ Իտլիպի ազատագրման պարագային, ԱՄՆ-ի մտավախութիւնը սուրիական բանակին Սուրիոյ արեւելեան շրջաններու ազատագրման ուղղուելու հաւանականութիւնն է առաւելաբար: Հետեւաբար Իտլիպի ազատագրման ուշացումը ձեռնտու է Միացեալ Նահանգներուն:
Այնուամենայնիւ, մարդկային զոհերն ու օգտագործուող գաղթականները ամէնէն ողբալի պատկերը կը կազմեն այս հարցին: Թուրքիա վերջին շրջանին սկսած է օգտագործել նաեւ սուրիացի գաղթականները: Սուրիացի գաղթականներ բռնի կերպով Իտլիպ ուղղելով, թրքական իշխանութիւնները Իտլիպի դէմ յարձակման մարդկային գործօնը լաւագոյնս կ’օգտագործեն, եւ տեղւոյն ահաբեկչական խմբաւորումներուն կը նպաստեն՝ բացառելով անոնց դէմ զինուորական գործողութիւնները:
Թրքական այս դաւադրութեան զոհ չդառնալու համար, Թուրքիա ապաստանած սուրիացի գաղթականներ կը նախընտրեն սուրիական բանակին հսկողութեան տակ գտնուող Քեսապի անցքէն Սուրիա վերադառնալ: Այս ալ հաւանաբար կը բացատրէ Քեսապի յարակից գիւղերուն ուղղութեամբ ահաբեկչական թրքամէտ խմբաւորումներուն մերթ ընդ մերթ կատարած հրթիռակոծումները:
Վերոյիշեալ ազդեցիկ կողմերու միջամտութիւններուն կողքին, Իտլիպի ազատագրումը կ’ուշանայ քանի մը հանգամանքներու բերումով: Առաջինը՝ մարդկային զոհերու պատճառ չդառնալու եւ բանակցութիւններու ճամբով Իտլիպը ազատագրելու սուրիական բանակին նախազգուշութիւնն է: Երկրորդը՝ զինեալ ահաբեկիչներուն կողմէ տեղւոյն բնակչութիւնը որպէս վահան օգտագործելու կամ քիմիական զէնքեր օգտագործելով սպանդներ կազմակերպելու եւ սուրիական բանակը մեղադրելու նախկին փորձերուն կրկնութեան հաւանականութիւնն է: Երրորդը՝ թրքական կողմին Իտլիպի բնակչութեան պաշտպան հանդիսանալու կեղծ քարոզչութիւնն ու Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ կուտակած զինուորական ուժերուն շարժումը կանխելու սուրիական բանակին մարտավարութիւնն է:
Այսպիսի կացութիւն ստեղծուած էր նաեւ արեւելեան Հալէպի ազատագրման նախօրէին: Սուրիական բանակը, սակայն, նուազագոյն վնասներով ազատագրեց զայն, անյպէս ինչպէս ազատագրեց արեւելեան Ղութան:
Իտլիպը Թուրքիոյ վերջին խաղաքարտն է սակայն: Թրքական աղբիւրներու համաձայն, Թուրքիա կը ձգտի Իտլիպը միացնել «Եփրատի Վահան» եւ «Ձիթենիի Ճիւղ» ծրագրերուն՝ իր համախոհներուն վերահըսկողութեան տակ պահելու Հալէպ նահանգին պատկանող այս շրջանը եւս:
Այս բոլորին լոյսին տակ, Սուրիա նախ կը վերահաստատէ իր կտրուկ մերժումը թուրք-ամերիկեան որեւէ փոխհասկացողութեան, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան, հողի եւ ժողովուրդի միութեան դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն , ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքներուն բացայայտ ոտնահարում կը համարուի, միւս կողմէն կը լծուի սուրիական գրաւեալ տարածքներու ազատագրումին, խաղաղ բնակչութեան ուղղուած հրթիռակոծումներուն կեդրոնները ոչնչացնելու եւ երկրի գրաւեալ տարածքները քայլ առ քայլ ազատագրելով Իտլիպ հասնելու:
Սուրիական բանակին համբերութիւնը օգտագործողները Հալէպի եւ Ղութայի օրինակները աչքի առջեւ պէտք է ունենան անպայման:
«Գ.»