Լիզպոնի ողջակէզներուն ինքնազոհաբերումի օրինակը ոչ միայն  հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն նկատմամբ միջազգային անտարբերութեան եւ պատմական ճշմարտութիւնները գլխիվայր շրջող թրքական ապատեղեկատուութեան ուղղուած հարուած մըն էր, այլեւ հայութեան յղուած պատգամ մը՝ անոր պայքարի ոգին ամրապնդելու, սեփական ուժերուն նկատմամբ հաւատքը վերականգնելու համար:

Հաւատքի վերականգնում…

Հաւատք՝ մեր ժողովուրդի զանազան կարելիութիւնները ճիշդ պահուն, ճիշդ ձեւով օգտագործելու:

Հաւատք՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտման ճամբան քար առ քար կառուցելու:

Հաւատք՝ մեր իմացական կարողութեան եւ բազուկի ուժին վստահելու:

Հաւատք՝ մեր ժողովուրդի յեղափոխական ոգին արթուն պահելու:

Հաւատք՝ մշտապէս նորոգուելու ու ժամանակին յարիր զէնքը հնարելու:

Լիզպոնի հինգ հերոսներուն հաւատքը այնքան մեծ էր, այնքան կայուն ու անպիղծ, որ մղեց զիրենք պայքարի իրենց ձեւն ու միջոցը ընտրելու, իրենց գարուն կեանքին իսկ գնով:

Անոնց օրինակը եթէ սահմռկեցուցիչ էր օտարին համար, հպարտութիւն կ’առթէր հայուն: Հպարտութիւն ոչ թէ քաջագործութեան մը նեղ սահմանին մէջ դիտելու Լիզպոնի հինգին սխրանքը, այլեւ ապառաժներ ցնցող անոնց հաւատքին ուժը զգալու, անով գօտեպնդուելու, մեր հաւաքական կեանքի վերազարթնումին ի նպաստ հաւատքի այդ ուժէն գէթ քանի մը կաթիլ սրսկելու մեր միջավայրին մէջ  ու Լիզպոնի պատգամը ըմբռնելու:

Տակաւին՝ թերահաւատներուն պայքարելու ուժ ներշնչելու, օտարամոլներուն նայուածքը դէպի հայկականութիւն յարելու, հայ քաղաքական միտքը արթուն պահելու, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ժամանակին, իր միջոցներով լծուի պայքարի, փոքր քայլերն իսկ արժեւորելով:

Լիզպոնի հինգ ողջակէզները՝ Արան, Վաչէն, Սիմոնը, Սեդրակը եւ Սագօն իրենց կեանքին լոյսը տուին կոյրերուն, հայկական հարցէն անտեղեակ հաւաքականութիւններուն, թուրք թէ օտար: Այդ տարիներուն սկսաւ աճիլ կորսուած արդարութեան մը նկատմամբ հետաքրքրութիւնը թրքական եւ եւրոպական միջավայրերու մէջ: Անոնց հայրենասիրութեան կրակով բոցավառեցան սրտեր, բացուեցան  պայքարի նոր ուղիներ:

Լիզպոնի դէպքէն տարիներ վերջ Հայաստանի անկախութիւնն ու Արցախի ազատագրումը վերջնականապէս ձերբազատեցին մեզ զոհի հոգեբանութենէն ու ստեղծագործ հայուն, ազատ հայուն սխրալի ուղին բացին:

Այդ ուղիին վրայ արձանագրուած յաղթանակներու հանրագումարը պիտի հանդիսանայ մեր խոնարհումը Լիզպոնի տղոց յիշատակին ընդառաջ, Արցախի նահատակներուն ընդառաջ:

Հաւատքով նետուած իւրաքանչիւր քայլն է որ կը պտղաբերի, կ’արդիւնաւորուի, իսկ անհաւատ գործը ժամանակաւոր խանդավառութեան մը պղպջակներուն նման անհետք ու անպտուղ կը մնայ:

Լիզպոնի հինգ հերոսները գերագոյն անձնազոհութեան ուղին հաւատքով ընտրեցին՝ անմահանալով բոլոր ժամանակներու թերահաւատները զգաստութեան հրաւիրելու:

Յարգանքով ու հպարտութեամբ կ’ոգեկոչենք անոնց յիշատակը:

«Գ.»