Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 1 Օգոստոսին Սիտնիի մէջ տեղի ունեցած է Արցախի պատուիրակութեան անդամներու հանդիպումը հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ելոյթներով հանդէս եկած են պատուիրակութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան: Բանախօսները ներկայացուցած են Արցախի արտաքին եւ ներքին քաղաքական կեանքի առկայ իրողութիւնները եւ պատասխանած են ներկաներուն բազմաթիւ հարցումներուն:
Նախաձեռնութեան ընթացքին Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Քայսերեան յայտարարած է Աւստրալիոյ մէջ Արցախի հետ բարեկամական կապի ստեղծման մասին: Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբին կողմէն ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանին փոխանցուած է յատուկ յուշատախտակ` Արցախի հետ բարեկամական կապի անդամներուն անուանացանկով: Սոյն կազմին անդամակցած են Դաշնային խորհրդարանի պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, նախարարներ, ինչպէս նաեւ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի վարչապետը, նահանգային խորհրդարանի վերին եւ ստորին պալատի խօսնակները, գիտնականներ, հոգեւոր դասու ներկայացուցիչներ եւ մշակոյթի գործիչներ: Ներկայիս կազմին կ’անդամակցին շուրջ 40 գործիչներ:
Պատուիրակութեան ղեկավար Մասիս Մայիլեան վստահութիւն յայտնեց, որ Արցախի մէջ պիտի կազմուի Աւստրալիոյ հետ բարեկամութեան համանման կապ: