Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ Տ. Մասիս Սրբ Եպս. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. Կրօնական եւ վարչութեան ժողովի ներկայացուցիչներուն այցելեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի հոգեւոր պետ` Տ. Պետրոս Արք. Միրիթեանին: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականաց դասուն եւ յանձնախումբերու անդամներուն ներկայութեամբ:

Գերապայծառը բարի գալուստի խօսք արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան հօր, մաղթելով արեւշատութիւն եւ բեղուն ծառայութիւն: Ապա անդրադարձաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքին գործունէութեան մասին, մասնաւորաբար Հալէպահայ իրականութեան մէջ. միաժամանակ փորձառաբար վկայեց թէ իր 29 տարիներու առաջնորդութեան նստաշրջանին համագործակցութեան ոգիով ծառայած է, ի խնդիր հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներու պահպանման եւ տարածման: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառինձ եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն ջերմ եւ սիրալիր դիմաւորութեան համար: Որմէ ետք երկու եկեղեցիներուն կոչումին վերաբերեալ ակնարկելով խօսեցաւ, որոնք միասնաբար կը գործեն հոգեւոր սնունդի մտակարարման եւ հայապահպանման համար: Սրբազան հայրը նշեց թէ հալէպահայութեան գոյապայքար կը մղէ, ուստի, համբերութեամբ եւ յոյսով զինուած լաւատեսութեամբ կը նայի գալիքին, այն ակնկալութեամբ որ Աստուած բարիին գործակից է. ահա թէ ինչու յուտահատական դոյզն նշոյլն անգամ խստիւ մերժելի պէտք է ըլլայ: 


Երկու համայնքապետերը կարեւորութեամբ շեշտեցին հետեւողական ճիգերով վերականգման
աշխատանքներուն մասնաից դառնալը, բան մը, որ առաջնահերթութիւն է սուրիահայութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ ծանօթացում, մտերմիկ զրոյց ապա` շնորհաւորանք:
Աւարտին, առնուեցան յիշատակի նկարներ: