ՇԱՀԱՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ԵՒ HENRI BERGSON

Շահան Պէրպէրեանի հարիւրաւոր աշակերտները միահամուռ կը վկայեն, որ ան իսկական իմաստասէր մըն էր, բազմակողմանի հմտութեամբ օժտեալ արտակարգ մտաւորական մը։ Փիլիսոփայութիւնն ու յարակից գիտութիւնները գաղտնիք չունէին իրեն համար։ Կատարեալ դիւրութեամբ ու ամենայն ձեռնհասութեամբ կþաւանդէր ընկերաբանութիւն ու հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն ու տրամաբանութիւն, իմաստասիրութեան պատմութիւն ու բնազանցութիւն, արուեստի պատմութիւն ու գեղեցկագիտութիւն, նաեւ՝ բարոյախօսութիւն։ Ան կատարեալ նուիրեալն էր Բարիին, Գեղեցիկին ու Ճշմարիտին. այսինքն՝ կեանքի բարոյական այն հասկացութիւններուն, որոնց խնկարկուն եղած էր նաեւ իր ողբացեալ հայրը՝ Ռեթէոս Պէրպէրեան։

Անկասկած որ ան մեծապէս ազդուած էր Սորպոնի համալսարանի իր հռչակաւոր ուսուցիչէն՝ Հանրի Պէրկսոնէն (1859-1941), որուն համակրանքը կը վայելէր։ Պէրկսոն Ֆրանսայի մեծագոյն փիլիսոփաներէն մին էր, ունէր միջազգային համբաւ ու 1927-ին շահած էր Գրականութեան Նոպէլեան Մրցանակը։ Պէրպէրեան, երբ գրեր ու դատակազմին ներկայացուցեր էր «Ախտային Հոգեբանութիւն»ի մասին իր համալսարանական աւարտաճառը, Պէրկսոն զայն կարդացեր էր հիացումով ու հրապարակաւ գնահատեր էր զինք բարձրօրէն՝ հետեւեալ հաստատումով.«Monsieur Chahan Berberian est un vrai philosophe» («պր. Շահան Պէրպէրեան ճշմարիտ իմաստասէր մըն է»)։ Պէրկսոն անձամբ յանձներ էր Շահան ՊԷրպէրեանին՝ համալսարանի շրջանաւարտութեան վկայականը։

Պէրպէրեան հիացող մըն էր Պէրկսոնի։ Անոր մասին դասախօսութիւն մը տուած է Գահիրէ, Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան մէջ, 1933-ին, երբ Պէրկսոն տակաւին ողջ էր։

Իմաստասիրական միտքը մեր մօտ, արեւմտահայ-սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, զարգացում չէ ապրած դժբախտաբար։ Մնացած է խոպան։ Մեր շուրջբոլորը քանի՞ իմաստասէր ունեցեր ենք կամ ունինք։ Առջի դարուն՝ թերեւս բանաստեղծ Եղիա Տէմիրճիպաշեանն ու Յարութիւն Մրմըրեանը փորձած են մերձենալ փիլիսոփայութեան, մեր օրերուն՝ Պոլսէն Ռ. Հատտէճեանը՝ գրականութեան ճամբով, Պէյրութէն Սեդա Տատոյեանը՝ վերլուծական որոշ էջերով։ Կա՞ն ուրիշ անուններ։ Շահան Պէրպէրեան, ուրեմն, իմաստասէրի իր հանգամանքով, կը պահէ բացառիկ դիրք մը մտաւորականներու մեր ածուին մէջ եւ իր գիրքերով ալ կը շարունակէ իր «խօսք»ը հնչեցնել։

Եւ զարմանալի է որ իր ողջութեան՝ Պէրպէրեան բնաւ փոյթ չէ ըրած առանձին ժողովածուներով հրատարակելու իր իմացապաշտ վերլուծումները։

Ինք որ ժամանակակից հայ գրականութեան տիրապետող դէմքերէն մէկը կրնար դառնալ, բաւարարուեցաւ լոկ քանի մը յօդուածաշարքերով ու գեղեցկագիտական տեսութիւններով։ Ճիշդ է՝ տեւաբար դասախօսեց ու բանախօսեց, Պոլսոյ, Երուսաղէմի ու Պէյրութի մէջ անհամար լսարաններ սարքեց՝ արուեստի հուրը տարածելով ունկնդիր խաւերուն մէջ, բայց ընդհանրապէս խուսափեցաւ գրիչ շարժելէ։ Չանսաց նաեւ հանգամանաւոր անձերու կողմէ այս առնչութեամբ իրեն եղած յաճախակի թելադրանքներուն։ Ծուլութի՞ւն։ Նկատի չառաւ այն ճշմարիտ ասութիւնը՝ թէ «Խօսքը կը թռչի՜, իսկ գիրը կը մնա՛յ»։ Եւ այս երեւոյթն ալ գրել տուած էր Անդրանիկ Ծառուկեանին, թէ «Հեղինակութիւն մըն էր Շահան՝ առանց հեղինակ մը եղած ըլլալու»։

Սակայն բարեբախտաբար, 70-ական թուականներէն սկսեալ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն հերթաբար լոյս ընծայուեցան Պէրպէրեանէն անտիպ էջեր կամ դասախօսական նոթեր ու գրառումներ, առանձին հատորներով, որոնք այսպիսով՝ փրկեցին իր մտքի եզակի վաստակը։

Շահան Պէրպէրեան հեռացաւ այս աշխարհէն առանց հետեւորդներ ունենալու։

Ա՛լ չկայ այն պարարտ հողն ու հին կրթական մթնոլորտը, որ կրնայ նոր Շահաններ հանել մեր դիմաց։ Մայր Բնութիւնը տասնեա՜կ տասնամեակներ կրնայ սպասեցնել մեզ՝ նոր Շահան մը ղրկելու համար երկիր…։

Մեր շուրջբոլորը՝ հիմա դժուար է գտնել նոյնիսկ իրեն աշակերտած անձեր։ Անոնցմէ մին՝ ամերիկաբնակ Թորգոմ Փոսթաճեան (Անթիլիասի Դպրեվանքէն, ծն.՝ 1926), հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ իր ուսուցիչը.

   –Դասարան կը մտնէր ան առանց որեւէ նոթի կամ գիրքի։ Բեմ կը բարձրանար եւ ոտքի կեցած կը դասախօսէր։ Որպէս աշակերտ՝ մեր պարտականութիւնն էր ուշիուշով մտիկ ընել իր դասախօսութիւնները եւ նոթագրել զանոնք։ Յետոյ ալ՝ մաքրօրէն գրի առնել եւ իրեն յանձնել։ Պր. Պէրպէրեան կարդալէ ետք զանոնք՝ կրնար պատկերացում մը ունենալ, թէ որքանո՞վ ըմբռնած էինք իր խօսքերը, ի՞նչ մակարդակի վրայ էր մեր մտքի հասունութիւնը(«Մեծերու Հետ եւ Մեծեր», Անթիլիաս, 2007)։

Ուրիշ երախտապարտ աշակերտ մը՝ Արտաւազդ արք. Թրթռեան (1930-2013), նկատել կու տայ որ երբ Պէրպէրեան գրական վերլուծումներ կատարէր, անպայման կþուզէր հասնիլ վերլուծուող գրական տուեալ կտորին (արձակ թէ չափածոյ) «ամէնէն թաքուն տարրին եւ ամէնէն նուրբ իմաստին ու ոգիին»։ Ան կը վկայէ.

Իմաստասիրական բոլոր գիտութիւններն ու արուեստից պատմութիւնը, հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ արդի ժամանակներ, կը դասաւանդէր տիրաբար, հեղինակութեամբ, առանց ո՛չ մէկ գիրք կամ տետրակ կամ արձանագրութիւն ունենալու ձեռքին տակ, եւ սակայն անուններու, վայրերու եւ թուականներու կատարեալ եւ ապշեցուցիչ ճշգրտութեամբ։ Աշխարհը՝ իր դասաւանդած այնքան այլազան ու դժուար  նուաճելի  նիւթերուն, կարծէք շքեղօրէն լուսաւոր բաց գիրք էր իրեն համար։ Եւ կարծէք այդ շքեղօրէն բաց գիրքէն ինք պարզապէս կþընթեռնուր՝ ապրումո՛վ, հիացումո՛վ, յափշտակութեա՛մբ(«Արժէքաբանութիւն Կամ Արժէքներու Իմաստասիրութիւն», Անթիլիաս, 1976)։   

Շահան Պէրպէրեա՜ն։ Անկրկնելի սերունդի մը փայլուն ներկայացուցիչը։ Արուեստներու ներհուն, խորաթափանց ու ծանրախոհ տեսաբանը։ Սոկրատներու, Պղատոններու եւ Արիստոտէլներու հայաբարբառ հետեւորդը։ Դաւիթ Անյաղթի ժառանգորդը։ Պատկառելի քրմապետ մը՝ իմաստասիրութեան մեհեանին մէջ։

 

 

ՊԷՐՊԷՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱՍԷՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Միայն հազուադէպօրէն կրնայ պատահիլ, որ միեւնոյն ընտանիքին բոլոր անդամներն ալ, մեծ ու պզտիկ, օժտուած ըլլան բացառիկ շնորհներով եւ ուրեմն՝ բոլո՛րն ալ պատմութեան մէջ մնայուն հետք մը թողուն, անմահացնեն իրենց անունը։

Ընտանեկան ու գաղափարական շատ ամուր դաստիարակութիւն մը, բայց նաեւ՝ հետեւողական եւ նպատակասլաց կրթութիւն ու աշխատա՛նք հարկաւոր են, որպէսզի ճամբայ հարթուի այդպիսի երջանիկ նուաճումի մը։

Դուք այդօրինակ քանի՞ ընտանիք կրնաք ցոյց տալ մեզի։

Այդպէ՛ս էր ահա Շահան Պէրպէրեանի ընտանիքն ալ՝ որդւոց որդի։

Մարդ իսկապէս կը զարմանայ՝ երբ աչքի առջեւ կþունենայ այս բարեհամբաւ ընտանիքին անդամները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձինն արժէք մը եղաւ, ամէն մէկը կատարելութիւն մը՝ արուեստի այլազան մարզերու մէջ։ Հպա՜րտ ընտանիք։

Եկէ՛ք թուենք հանրածանօթ Պէրպէրեանները մէկ առ մէկ.

ա) ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ,  Շահանին հայրը, որ 1876-ին Պոլսոյ մէջ հիմնեց իր անունը կրող սեփական տիպար վարժարան մը ու զայն ղեկավարեց շուրջ 30 տարի, մինչեւ իր մահը (Ապրիլ 1907)։ Իր շունչին տակ խմորեց ընտրեալ աշակերտներու ամբողջ սերունդ մը։ Եղաւ ԺԹ. դարու արեւմտահայ մեծագոյն դաստիարակներէն մին։ Պոլսոյ հայութիւնը մեծարանքի աննախընթաց հանդէսով մը պանծացուց զինք 1901-ին, իր հիմնած կրթօճախին 25-ամեակին առիթով։ Հեղինակն է «Դպրոց եւ դպրութիւն» երկասիրութեան (1907)։ Իր մասին ծաւալուն մենագրութիւն մը գրած ու հրատարակած է իր սաներէն մին՝ վաստակաւոր ուսուցիչ եւ բառարանագիր Պետրոս Զէքի Կարապետեան (Պոլիս, 1933)։

բ) ՄԱՆՆԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ, Շահանին միակ քոյրը, ծնած՝ 1883-ին։ Թէ՛ շնորհալի գրող եւ թէ՛ տաղանդաւոր երգչուհի միաժամանակ։ Շրջանաւարտ՝ Պոլսոյ Ամերիկեան Աղջկանց Գոլէժէն եւ հետեւորդ՝ Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն։ Անցեալ դարու տասական թուականներու վերջերը ու քսանականներուն շրջեցաւ զանազան գաղութներ (մինչեւ Ամերիկա) ու տուաւ երգահանդէսներ։ Ուշագրաւ ու դժուար դերեր ստանձնեց նաեւ օփերաներու մէջ։ Ունի բանաստեղծութիւններու երկու հատոր՝ «Արձակ Երգեր» (1911, Պոլիս) եւ «Արեւոտ Ճամբան» (1931, Փարիզ), նաեւ՝ վիպակներու  զոյգ ժողովածուներ՝ «Երեք Վիպակներ» եւ «Հեթանոս Տղայ» (երկուքն ալ տպուած Աղեքսանդրիա, 1945-ին), ուր կը ցոլայ զգայուն հոգի մը, քիչ մը թախիծով ու յոռետեսութեամբ պարուրուած։ Մաննիկ պարբերաբար կþաշխատակցէր «Հայրենիք» ամսագրին, «Յառաջ»ին ու Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին։ Թանկագին են իր յուշերը՝ Պէրպէրեան վարժարանի միջավայրէն ու մթնոլորտէն։ Ուղեղային արիւնահոսութեան հետեւանքով մահացաւ 8 Նոյեմբեր 1960-ին, Փարիզ, 77 տարեկանին, աղքատ ու լքեալ։ Գրագիտուհի Սիրան Սեզա ոգեկոչած է զինք «Նայիրի»ի Ա. էջին վրայ (27 Նոյ. 1960)։

գ) ՕՆՆԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ, Շահանին երէց եղբայրը, ծնած՝ 1887-ին։ Հմուտ երաժշտագէտ, յօրինող, երգահան ու խմբավար, համալսարանաւարտ՝ Լոզանէն, մաթեմաթիք-Ֆիզիքի մասնագիտութեամբ։ Օննիկ թեւ-թիկունք եղաւ իր եղբօր՝ մանաւանդ երբ Պէրպէրեան վարժարանը Պոլսէն Գահիրէ փոխադրուեցաւ 1924-ին։ 1938-էն ետք հաստատուեցաւ Փարիզ՝ հետեւողականօրէն տալով տարեկան նուագահանդէսներ։ Հեղինակն է երաժշտական բազմաթիւ ու այլազան ստեղծագործութիւններու (ջութակի, դաշնամուրի, լարային նուագախումբի, երգչախումբի ու մեներգներու յատուկ)։ Ունի Հայկական Պատարագի ինքնուրոյն մշակում մըն ալ։ Երաժշտագիտական յօդուածներով կþաշխատակցէր Բիւզանդ Թօփալեանի «Անդաստան» պարբերականին։ Բազմակողմանի մշակոյթով օժտուած բարձրորակ մտաւորական մըն էր։ Մահացաւ Փարիզ, 8 Սեպտեմբեր 1959-ին։ Գեղամ Քէրէսթէճեանի գրի առած մահագրականը «Անդաստան»ի մէջ (1960-ի թիւ), լաւագոյնս կը բնորոշէ Օննիկ Պէրպէրեանի երգահանի ձիրքերը ու անոր մշակած երաժշտական երկերուն գեղագիտական եւ տոհմային խորքն ու բնոյթը։

դ) Ինք՝ ՇԱՀԱՆ Ռ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ, կրթական գործիչ, իմաստասէր, հոգեբան, գեղագէտ, արուեստաբան, երաժշտագէտ ու ներհուն մտաւորական։ Հայր Պէրպէրեան իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ իրեն ակնարկած է «Շահանս իմաստուն» արտայայտութեամբ։ Շահան շարունակեց իր հօր սկսած կրթական փառաւոր գործը՝ զայն աւելի՛ խորացնելով ու յառաջացնելով, նոր ժամանակներու լոյսին տակ։ Իմաստասիրութեան կողքին՝ շարունակ պարապեցաւ նաեւ երաժշտութեամբ։ 80-ի չափ յօրինումներ ունի՝ զանազան հայ բանաստեղծներու գործերուն վրայ (մէկ մասը հրատարակուած՝ Նիւ Եորք, անջատ հատորով, 1983-ին)։ Կազմած ու ղեկավարած է դպրոցական երգչախումբեր, տուած է համերգներ՝ սիրուն եւ որակաւոր յայտագրերով։

ե) ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ, Շահանին անդրանիկ որդին, հանրածանօթ գեղանկարիչ ու արուեստագէտ։ Ծնած էր Վառնա (Պուլկարիա) 1923-ին։  Նկարչական իր առաջին ցուցմունքները ստացաւ եգիպտահայ նկարիչ Օննիկ Աւետիսեանէն։ 1948-ի գարնան՝ 64 պաստառներով բացաւ իր անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսը Պէյրութի մէջ, արժանանալով տեղւոյն Ֆրանսատառ ու հայ մամուլի խթանիչ գնահատանքին։ 1949-ին հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր մասնագիտացաւ արուեստի ու գեղանկարչութեան մէջ։ Ցուցահանդէսներ տուաւ Ֆրանսայի, արտասահմանի ու Երեւանի մէջ եւ իրապաշտ վրձինով պատկերեց փարիզեան բնանկարներ, դիմանկարներ ու շարք մը հայ երեւելի դէմքեր (Մ. Մաշտոց, Մխիթար Հերացի, Մխիթար Գոշ եւ այլն)։ Իր կեանքին վերջին քսան տարիները անցուց Ավինեոն, ուր, ի միջի այլոց, դասեր կու տար հայ լեզուի եւ պատմութեան։ Գործունեայ տարր մըն էր ԺԱՖ-ի շրջանակին մէջ։ Իր մահուան առթիւ «Յառաջ» կը գրէր, թէ Արտաւազդ «բազմաթիւ զարդարանքներ ըրած է հայկական եկեղեցիներու մէջ՝ ԱլՖորվիլ, Լիոն, Տէսին, Փարիզ, Երուսաղէմ»։ Գիտենք նաեւ, որ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին որմերը զարդարուած են իր վրձինէն ելած քանի մը գործերով, պատրաստուած՝ 50-ականներու սկիզբը, Յովսէփեանց կաթողիկոսի թելադրանքով։ Մահացաւ 10 Յուլիս 2002-ին, Փարիզ։

Ինչպէս կը տեսնուի, ԵՐԵՔ սերունդ Պէրպէրեաններ շարունակաբար ապրած ու շնչած են արուեստով ու գիտութեամբ։

Մաննիկ Պէրպէրեան կը պատմէ, որ իրենց մօր կանխահաս մահէն ետք, հայրը իր վիշտը մոռնալ կը ջանար՝ ինքզինք յանձնելով գիրքերու մտերմութեան…։ Ան կը խրատէր իր զաւակները.«Մէկ մէկ գիրք առէք, նստէ՛ք, կարդացէ՛ք»։ «Այդպէս ալ կþընէինք, խոր լռութեան մէջ։ Պատանեկան այս խիստ կեանքն է, որ տուած է ինքնամփոփուելու, գիրքերու մէջ ապրելու, եւ կեանքէն դուրս եւ վեր մնալու անջնջելի  ճաշակը  ամէնուս ալ» («Երիտասարդ Հայուհի» ամսագիր, Պէյրութ, Սեպտ. 1948)։

Պէրպէրեաններու Սկիւտարի բնակարանը օրուան մինչեւ ուշ ժամերը ժամադրավայրն էր մտաւորականներու եւ արուեստասէրներու։ Հոն յաճախ կþայցելէին Խրիմեան, Իզմիրլեան, Ալէաթճեան եւ Մելքիսեդեկ Մուրատեան եպիսկոպոսները, Եղիշէ Դուրեան վարդապետը, Մկրտիչ Մեզպուրեան, բժ. Վահրամ Թորգոմեան, Յարութիւն Մրմըրեան, Սիմոն Գափամաճեան, Մինաս Չերազ, բանաստեղծ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Բիւզանդ Քէչեան եւ այլն, եւ այլն։ Այդ բնակարանը օրն ի բուն կþեռեւեփէր երաժշտութեամբ, բանաստեղծութեամբ ու փիլիսոփայութեամբ։

Հրաշալի այս մարդոց շառաւիղները ի կեա՞նս են հիմա, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կþապրին՝ կþանգիտանամ։

Բայց կը շարունակեմ հիանալ Ռեթէոս Պէրպէրեանով սկիզբ առած ընտանեկան այն տոհմիկ դաստիարակութեան վրայ, որ պտղալի ոստեր ու բարունակներ արձակեց ամբողջ դար մը եւ աւելի՛…։

(Շարունակելի- 2)

 ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ