Ասթանայի բանակցութիւններու Սուրիոյ Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի շեշտեց, որ Սուրիա պատրաստակամութիւն չունի երկար սպասելու թրքական իշխանութիւններուն Ասթանայի եւ Սոչիի պարտաւորութիւններու ի կատար ածման, Իտլիպի միլիոնաւոր բնակիչները սուրիական պետութեան միջամտութիւնը կը խնդրեն տագնապի լուծման եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դուրս բերման համար:

Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ բանակցութիւններու 13-րդ նիստի աւարտին, Ճաաֆարի ըսաւ. «Ռուսական եւ իրանեան կողմերուն հետ խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցանք»: Ճաաֆարի  այդ հանդիպումները կարեւոր եւ եզրափակիչ հաղորդագրութեան վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցող գործօններ համարեց:

Սոչիի համաձայնութենէն տարի մը ետք, Սուրիա թրքական կողմէն անաչառ քայլեր չնկատեց: Համաձայնութիւնը կ’ընդգրկէր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Հալէպի եւ Իտլիպի միջեւ գտնուող Ապու Տհուր զինուորական օդակայանէն 20 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք նահանջելու պայմանը, սակայն տեղի ունեցան հակառակ ուղղութեամբ զարգացումներ եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն  թիւը Իտլիպի մէջ աստիճանաբար աճ արձանագրեց:

Այս առիթով, Ճաաֆարի կարեւոր համարեց բանակցութիւններու եզրափակիչ հաղորդագրութեան գործնականացումը, յատկապէս նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Թուրքիա Ասթանայի բանակցութիւններու հովանաւոր կողմերէն մէկը կը համարուի: