ՍԱՆԱ-ի համաձայն, Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2019-ին սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ զինադադար հաստատելու որոշումը չյարգեցին։ Անոնք յարձակում գործեցին շրջանի յարակից խաղաղ վայրերուն վրայ։

Հրամանատարութիւնը աւելցուց, որ այս իսկ պատճառով սուրիական բանակը ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ զինուորական իր գործողութիւնները կը վերսկսի։