«Արցախփրէս».-Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անունը կրող հանրապետական մարզադաշտին մէջ 6 Օգոստոսին, տեղի ունեցաւ Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Հանդիսաւոր արարողութեան սկիզբը թատերական բեմադրութեամբ ներկայացուեցաւ հայոց պատմութեան ամենավառ էջերը` հեթանոսութենէն մինչեւ քրիստոնէութիւն, Հայկ նահապետէն մինչեւ Տիգրան Մեծ, Արցախեան ազատագրական պայքարէն մինչեւ Ապրիլեան պատերազմ եւ մեր օրերը: Այնուհետեւ սկսաւ պատուիրակութիւններու շքերթը, որուն մաս կը կազմէին 35 երկիրներու 161 քաղաքներու աւելի քան 5244 մարզիկներ:
Յաջորդիւ Պաշտպանութեան Բանակի պատուոյ շքախումբի ուղեկցութեամբ մարզադաշտ բերուեցան Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու պետական դրօշները:
Համահայկական խաղերու դրօշը մարզադաշտ բերին ողոմպիական ախոյեան Իսրայէլ Միլիտոսեան, սամբիստ Արեւիկ Կարապետեան, ծանրորդ Տիգրան Մարտիրոսեան, ճատրակի ախոյեան Գաբրիէլ Սարգսեան, ըմբիշ Արամ Մարգարեան եւ սամբիստ Մաւրիկ Նասիբեան:
Հանդիսաւոր արարողութեան վառեցան եռամիասնութեան երեք ջահերը: Արցախի Տիգրանակերտէն բերուած ջահը վառելու պատիւը տրուած էր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին, Մուսա լեռէն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն բերուած ջահը` Համահայկական խաղերու հիմնադիրներէն Ալպերթ Պոյաճեանին, իսկ Խոր վիրապէն բերուած ջահը` Ողոմպիական խաղերու ախոյեան Հրաչեայ Պետիկեանին:
Մարզիկներու անունով երդում կատարեցին Փարիզի պասքէթպոլի խումբէն Նայիրի Մանուկեան, իսկ մրցավարներու անունով` Սուրէն Պրազեան:
Համահայկական խաղերու կազմակերպման մէջ ծանրակշիռ ներդրում ունենալու համար Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի «Պատուոյ նշան» շքանշանով պարգեւատրուեցան Համահայկական խաղերու հիմնադիրներէն Ալպերթ Պոյաճեան, ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն, Հայաստանի Ֆութպոլի Միութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան եւ շուէտահայ յայտնի գործարար Վարդան Սըրմաքեշ:
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացումը ազդարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Վարչապետը դիտել տուաւ, որ այսօր մեր հայրենիքի մէջ տօն է, քանի որ մեր ժողովուրդի հազարաւոր զաւակները` Եւրոպայէն, Ասիայէն, Աւստրալիայէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներէն մէկտեղուած են հայութեան արժանապատուութեան միջնաբերդ Արցախի մէջ, եւ մենք կը վայելենք միասին ըլլալու, իրար հետ ըլլալու երջանկութիւնը:
«Մենք հաւաքուած ենք Արցախի մէջ` վայելելու, զգալու մեր միասնութեան ուժը, հասկնալու, որ մենք անպարտելի ենք, երբ միասնական ենք: Մենք հաւաքուած ենք արձանագրելու, որ ունինք պատմութիւն, որ ունինք ինքնութիւն, որ ունինք պետականութիւն եւ ունինք կամք` մեր ժողովուրդի հազարամեայ յաղթական երթը նոր հազարամեակներով շարունակելու:
Այսօր մենք հաւաքուած ենք հզօր եւ անկոտրում մեր կամքը, մեր յաղթանակի կամքը, մեր ապրելու, ստեղծագործելու, մեր պետականութիւնը զարգացնելու կամքը բարձրաձայնելու: Այսօր Համահայկական եօթերորդ խաղերու հազարաւոր ներկայացուցիչներ դաստիարակելու, պիտի հզօրացնեն եւ զարգացնեն մեր ժողովուրդին յաղթելու կամքը եւ հմտութիւնը», յայտնեց Ն. Փաշինեան:
Իր խօսքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան դիտել տուաւ, որ օրը յիշարժան է, քանի որ Համահայկական ամառնային խաղերը առաջին անգամ տեղի կ’ունենան Արցախի Հանրապետութեան մէջ:
«Համահայկական խաղերը իրենց բնոյթով կարելի է համարել մեր մարմնամարզութեան անցեալը, ներկան ու ապագան իրար կապող կարեւոր օղակ մը: Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը Արցախի մէջ կատարելու որոշումը հաստատուած է 2016-ին, Ապրիլեան պատերազմէն վերջ, որ խորհրդանշական է: Սա առանձնայատուկ պատասխան մըն է բռնութեան:
Մարզանքը, մարմնաւորելով ուժ, կամք, կազմակերպուածութիւն ու միասնականութիւն, միաժամանակ կը հանդիսանայ ատելութեան ու թշնամանքի հակապատկերը: Ան չի ճանչնար սահմաններ եւ խոչընդոտներ, կը միաւորէ տարբեր ազգեր ու երկիրներ: Մեր պարագային համար եւս մէկ խթան է` ուղղուած Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան շարունակական ամրապնդման», աւելցուց ԱՀ Նախագահը:
Բ. Սահակեան նկատել տուաւ, որ անկախ արդիւնքներէն` այս խաղերուն պիտի չըլլան պարտուողներ: Պիտի յաղթէ մեր ողջ ժողովուրդը, պիտի յաղթեն մեր միասնականութիւնը, մեր կամքն ու վճռականութիւնը:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան ըսաւ, որ ճիշդ 20 տարի առաջ սկսան Համահայկական խաղերը: «Որեւէ մէկը չէր կրնար պատկերացնել, որ Համահայկական խաղերը կատարելու գաղափարը տարուէ տարի պիտի ամրացնէ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան հիմքերը:
Քիչեր կը հաւատան, որ գաղափարը բոլորին համար պիտի դառնայ պատգամ, որպէսզի բոլորս ձեւաւորենք համահայկական մտածողութիւն եւ զայն դարձնենք մեր գործելաոճին առանցքը: Համահայկական խաղերուն գաղափարը շատ խոր է, տարողունակ ու վարակիչ: Համահայկական խաղերու գաղափարը կը ստանայ հետաքրքրական դրսեւորումներ, իսկ «միասնութիւն՝ մարզանքով» կարգախօսը կը դառնայ մեր հայրենակիցներու տունդարձի նշանաբանը», աւելցուց Ի. Զաքարեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տքնեցան կազմակերպիչ կոմիտէին հետ, եւ այսօր իրենց աշխատանքին արդիւնքը տեսանելի դարձած է խաղերու բացման շքեղ արարողութեան ընթացքին:
Տօնական ձեռնարկին ընկերակցեցաւ համերգային ծրագիրը: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան զուգահեռ ընթացաւ շքեղ հրավառութիւնը:
Արարողութեան ներկայ էին ԼՂՀ երկրորդ նախագահ Արկատի Ղուկասեան, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ԱՀ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պետական անձինք, արտասահմանէն հիւրեր եւ այլք: