Օս­ման­եան Կայս­րու­թիւնը Ա. Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի մէջ մտաւ իբ­րեւ Գեր­ման­իոյ կողմ­նա­կից՝ ընդ­դէմ Ֆրանսա­յի, Մի­աց­եալ Թա­գա­ւո­րու­թեան, Ռուս­իոյ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ քա­նի մը այլ եր­կիր­նե­րու:

2.6 միլի­ոն օս­ման­ցի զի­նուոր­նե­րէն 250 հա­զա­րը գե­րե­վար­ուե­ցաւ Դաշ­նա­կից տէ­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ իբ­րեւ ռազ­մա­գե­րի: Գե­րու­թեան մէջ, տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր­ներ մա­հա­ցան հիւան­դու­թիւն­նե­րու, սո­վի եւ կլի­մա­յա­կան ծանր պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով: Օս­ման­ցի զի­նուոր­նե­րուն մեծ մա­սը թուր­քե­րէ կը բաղ­կա­նար, կա­յին նա­եւ սա­կա­ւա­թիւ հա­յեր, ասո­րի­ներ, յոյներ, հր­եա­ներ, լա­զեր, չեր­քեզ­ներ եւ արաբ­ներ: Հայ զի­նուոր­նե­րուն մեծ մա­սը զի­նա­թափ­ուած էր, սպան­ուած, կամ հար­կադ­րա­բար աշ­խա­տած բա­նուո­րա­կան գու­մար­տակ­նե­րու մէջ: Առա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն մօտաւորապէս կէս միլի­ոն օս­ման­ցի զի­նուոր լքած էր բա­նա­կը:

Դոկտ. Հա­միտ Հու­սէյն Փա­քիս­տա­նի «Defense Journal» ամ­սա­գի­րին մէջ տպագ­րած է  հե­տաքրք­րա­շարժ պատ­մու­թիւն մը Իրա­քի մէջ գե­րե­վար­ուած օս­ման­ցի ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րին մա­սին. այդ ռազ­մա­գե­րի­նե­րը աւե­լի ուշ ուղար­կած էին Հնդ­կաս­տան եւ Պըր­մա (ներ­կա­յիս՝ Մի­ան­մար): Այդ օրե­րուն Պըր­ման Հնդ­կաս­տա­նի մէկ մասն էր մին­չեւ 1937-ի ան­ջա­տու­մը։

Ամէ­նէն մեծ թիւով թուրք ռազ­մա­գե­րի­ներ պա­տանդ տար­ուած էին բրի­տա­նա­ցի­նե­րու կող­մէ եւ պահ­ուած էին Կիպրոսի, Եգիպ­տո­սի եւ Մալ­թա­յի մէջ, բա­ցի Իրա­քէն, Հնդ­կաս­տա­նէն եւ Պըր­մա­յէն: Ռուս­իա, Ֆրան­սա, Ռու­ման­իա եւ Իտալ­իա նոյն­պէս գրա­ւած էին մեծ թիւով թուրք ռազ­մա­գե­րի­ներ:

Դոկտ. Հու­սէյն գրած է, որ բրի­տա­նա­ցի­նե­րու կող­մէ Իրա­քի մէջ պա­տանդ վերց­ուած թուրք ռազ­մա­գե­րի­նե­րը սկիզ­բը պա­հած են Պաս­րա­յի եր­կու ճամ­բար­նե­րու մէջ, առա­ջի­նը  մե­կու­սաց­ման ճամ­բար՝«քա­րան­թի­նի մէջ պա­հե­լով հիւանդ ռազ­մա­գե­րի­նե­րը եւ երկ­րոր­դը՝ դի­տոր­դա­կան ճամ­բար: Սո­վո­րա­բար ռազ­մա­գե­րի­նե­րը 2-4 շա­բաթ մնա­ցած են դիտորդա­կան ճամ­բար, նախ­քան Հնդ­կաս­տան եւ Պըր­մա տե­ղա­փո­խու­մը: Զա­նոնք նա­ւե­րով տե­ղա­փո­խած են Քա­րա­չի եւ Պոմ­պէյ, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ եր­կա­թուղի­ով Հնդ­կաս­տա­նի եր­կու ճամ­բար­ներ: Պե­լար­իոյ մէջ ռազ­մա­գե­րի­նե­րուն մեծ մա­սը ազ­գու­թեամբ ցե­ղա­յին թուրք էր, մինչ­դեռ Սու­մեր­փու­րի [3336] ռազ­մա­գե­րի­նե­րուն մեծ մա­սը՝ ոչ թուրք (արաբ, քրիս­տոն­եայ եւ հր­եայ)»:

Հե­տաքրք­րա­կանը այ ն է, որ դոկտ. Հու­սէյն բա­ցա­յայ­տած է, թէ Սու­մեր­փու­րի ճամ­բա­րին մէջ «եր­կու հա­յեր, որոնք սահուն կեր­պով կը տի­րա­պե­տէ­ին անգ­լե­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի եւ արա­բե­րէ­նի, աշ­խա­տած են իբ­րեւ թարգ­մա­նիչ­ներ: Մահմե­տա­կան­նե­րը աղօ­թած են ճամ­բա­րի փոք­րիկ մզ­կի­թին մէջ: Վա­նա­կան ֆրան­սա­ցի մը պար­բե­րա­բար եկած է ճամբար պա­տա­րա­գե­լու՝ ճամ­բա­րի կա­թո­ղի­կէ քրիս­տոն­եա­նե­րուն հա­մար: Գա­հի­րէի Հա­յոց Եպիս­կո­պոս Թոր­գոմ Քուշագ­եան այցելած է ճամ­բար 1916-ին, Սուրբ Ծննդ­եան տօ­նին առի­թով»:

Դոկտ. Հու­սէյն նա­եւ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Հնդ­կաս­տա­նի Պե­լա­րի քա­ղա­քը գտ­նուող ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ճամ­բա­րին մէջ կը պահ­ուէ­ին ըն­դա­մէ­նը 137 օս­ման­ցի ռազ­մա­գե­րի­ներ, գրե­թէ բո­լո­րը սպա­ներ: Հե­տա­գա­յին աւե­լի շատ բան­տարկ­եալ­ներ բեր­ուե­ցան հոն: «Թուրք սպա­նե­րը ռազ­մա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու ար­դիւնք էին եւ աշ­խար­հիկ՝ մտա­հո­րի­զո­նով: Շատերը պար­բե­րա­բար կ’օգ­տա­գոր­ծէ­ին ոգե­լից ըմ­պե­լի, ինչ որ ար­գիլ­ուած էր մահ­մե­տա­կան­նե­րուն։ Անհ­րա­ժեշտ էր բժիշ­կի կար­գադ­րու­թիւնը, եւ սպան կր­նար գնել ամ­սա­կան երեք շիշ խմիչք: Ուիս­քին եւ կա­զով ջու­րը սիր­ուած էին սպանե­րու կող­մէ: Հոս մա­հա­ցած որոշ ռազ­մա­գե­րի­ներ թաղ­ուած էին ճամ­բա­րէն դուրս: Գե­րեզ­ման­նե­րու մեծ մա­սը վերց­ուած է ռազ­մա­կան օդա­կա­յա­նի ըն­դար­ձակ­ման ըն­թաց­քին: 1997-ին, Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնը յու­շար­ձան կանգ­նե­ցուց ճամ­բա­րի տա­րած­քին մէջ եւ վե­րա­կանգ­նեց մնա­ցած եր­կու գե­րեզ­ման­նե­րը»:

Պըր­մա­յի Թա­յեթմիօ քա­ղա­քը գտ­նուող ճամ­բա­րին մէջ՝ «կա­յին 3591 օս­ման­ցի ռազ­մա­գե­րի­ներ, որոնց մեծ մա­սը թուրքեր էին, սա­կայն կա­յին նա­եւ հա­յեր, սուր­ի­ա­ցի քրիս­տոն­եա­ներ եւ հր­եա­ներ: Ռան­կու­նի մահ­մե­տա­կան, հայ­կա­կան եւ հր­է­ա­կան կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րը նուէր­ներ կ’ու­ղար­կէ­ին իրենց հա­ւա­տա­կից ռազ­մա­գե­րի­նե­րուն», գրած է դոկտ. Հու­սէյն։

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ՝ «բրի­տա­նա­կան ճամ­բա­րի վա­րի­չը մզ­կիթ կա­ռու­ցե­լու խոր­հուրդ տուած է թուրք սպա­նե­րուն, սակայն Սու­պի Պէյ, որ նշա­նա­կա­լից ազ­դե­ցու­թիւն ու­նէր բան­տարկ­եալ­նե­րու շր­ջա­նին մէջ, դէմ եղած է առա­ջար­կին՝ կրօ­նա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով: Ան յայ­տա­րա­րած էր, որ երբ ռազ­մա­գե­րի­նե­րը հե­ռա­նան, մզ­կի­թը լք­ուած կ’ըլ­լայ, իսկ այդ մէ­կը չի թոյ­լատր­ուիր կրօ­նա­կան կա­նոն­նե­րով», ար­ձա­նագ­րած է դոկտ. Հու­սէյն:

Պըր­մա­յի Մէ­յիք­թիլ քա­ղա­քի ճամ­բա­րը կը գտն­ուէ­ին շուրջ 10 հա­զար օս­ման­ցի ռազ­մա­գե­րի­ներ: «Բան­տարկ­եալ­նե­րուն մեծ մա­սը օրը կ’ան­ցը­նէր պա­րապ նս­տած եւ խա­ղա­թուղթ կամ նար­տի խա­ղա­լով: Օս­ման­ցի կարգ մը ռազ­մա­գե­րի­նե­րը կ’օգ­տա­գոր­ծուէ­ին իբ­րեւ աշ­խա­տող­ներ՝ ծխա­խո­տի մշակ­ման վայ­րե­րու մէջ, ամ­բար­տակ փո­րե­լու եւ Շա­նի եր­կա­թու­ղին կա­ռու­ցե­լու հա­մար», կ’աւելց­նէ դոկտ. Հու­սէյն:

Պըր­մա­յի եր­կու ճամ­բար­նե­րուն մէջ մա­հա­ցած է մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­զար օս­ման­ցի ռազ­մա­գե­րի: «2012-ին, յարաբերութիւն­նե­րը Մի­ան­մա­յի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ բա­րե­լաւ­ուած էին, եւ եր­կու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը հա­մա­ձայ­նած էին վերականգ­նե­լու գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­րը: Թա­յեթմ­իո­յի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը վե­րա­կանգն­ուած էր թր­քա­կան հովանաւորութեամբ եւ աշ­խա­տանք­նե­րը աւար­տած էին 2016-ին», կը յայտ­նէ դոկտ. Հու­սէյն: Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, Պըրմայի մէջ հակաիսլամական տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով կեղծ  լու­րեր տա­րած­ուե­ցան այն մա­սին, որ մզ­կիթ կը կա­ռուց­ուի՝ «հին եւ քանդ­ուած գե­րեզ­մա­նո­ցը վե­րա­կանգ­նե­լէ բա­ցի, ուր Մէ­յիք­թի­լա­յի մէջ թաղ­ուած են օս­ման­ցի ռազմա­գե­րի­նե­րը…: Թուրք’իոյ  կառավարութիւնը հա­մա­ձայն էր վե­րա­կանգ­նե­լու գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, սա­կայն մզ­կիթ կառու­ցե­լու ծրա­գիր չկար: Այս լու­րը յանգե­ցուց հա­կա­իս­լա­մա­կան բռ­նու­թիւն­նե­րու եւ գե­րեզ­մա­նո­ցը վե­րա­կանգ­նե­լու  ծրա­գի­րը յետաձգուեցաւ…: Գերեզ­մա­նոց­նե­րը թա­լան­ուե­ցան Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, իսկ 70 տա­րի­նե­րու լքուած վիճա­կը ջն­ջեց անց­եա­լի հետ­քե­րուն մեծ մա­սը: Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին տեղ­ւոյն մահ­մե­տա­կան­նե­րը հա­ւա­քե­ցին  մօտաւո­րա­պէս 200 գերեզմանա­քա­րեր եւ զա­նոնք տեղափոխե­ցին տեղ­ւոյն մզ­կի­թին բա­կը: 2013-ին Թուրք­իոյ կա’ռավա­րու­թիւնը նախատեսեց նա­եւ վե­րա­կանգ­նել ռազմագերի­նե­րու գե­րեզ­մա­նա­տու­նը Սու­մեր­փու­րի մէջ [Հնդկաստան], որ ու­նէր մօտաւորապէս 149 գերեզ­ման: Այս շր­ջա­նը հպարտ «ար­քա­յա­զուն»նե­րու (Rajput) կեդ­րոնն է. անոնք Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերուն կռուած էին բրի­տա­նա­ցի­նե­րու կողքին: Տե­ղա­ցի­նե­րէն ոմանք բո­ղո­քած էին վերականգն­ման նախա­գի­ծին դէմ՝ պնդե­լով, որ «ռաճ­փութ»նե­րու յու­շա­հա­մա­լիր չկայ, անոնք կռ­ուած են ամ­բողջ աշխար­հի մէջ, մինչ­դեռ կը նա­խա­տեսուի յուշարձան կա­ռու­ցել օտա­րերկ­րա­ցի զի­նուոր­նե­րու հա­մար»:

Շատ ցա­ւա­լի է իմա­նալ, որ օս­ման­եան բա­նա­կին մէջ գտ­նուող հայ զի­նուոր­նե­րը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան տա­րի­նե­րուն գե­րե­վար­ուած եւ պահ­ուած են Հնդ­կաս­տա­նի եւ Պըր­մա­յի մէջ: Անոնք խու­սա­փած են մէկ աղէ­տէ՝ յայտն­ուե­լով մէկ այլ ար­հա­ւիր­քի՝ գե­րու­թեան մէջ: Անոնց­մէ շա­տեր մա­հա­ցած եւ թաղ­ուած են այդ հե­ռա­ւոր եր­կիր­նե­րուն մէջ:

Հայ, թուրք եւ այլ ցե­ղա­յին խում­բե­րու զի­նուոր­նե­րը ահա­ւոր չա­փով վնաս կրած են երիտթր­քա­կան «խուն­թա»ի անխոհեմ որո­շում­նե­րուն պատ­ճա­ռով՝ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի մէջ մտ­նե­լով իբ­րեւ Գեր­ման­իոյ դաշ­նա­կից եւ մահ­ուան դատապար­տե­լով միլի­ո­նա­ւոր հա­յեր, ասո­րի­ներ եւ յոյ­ներ:

Յարութ Սասունեան

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան