«Ծառը կը նեղուի ոչ թէ կացինով հարուածուելուն համար, այլ անոր համար, որ կացինին կոթը իրմէ շինուած է»։
Այս խօսքը կը մարմնաւորուի մեր կեանքին, յատկապէս միութենական-ազգային առօրեային մէջ, ուր կը գտնուի խաւ մը՝ պատրաստ քարկոծելու եւ արմատախիլ ընելու այն ծիլերը, որոնք կը խաթարեն իրենց անօգուտ ներկայութիւնը, որոնք կրնան աճեցնել եւ գեղեցկացնել մեր հայկական կեանքի զանազան կողմերը՝ ազգային, մշակութային եւ այլն։ Անոնք կը մոռնան, որ յաւերժ ապրող մարդ չկայ եւ ուշ կամ կանուխ պէտք պիտի ըլլայ զիրենք փոխարինողի մը, ուրեմն՝ ինչո՞ւ արգելք հանդիսանալ ապագայ պտղատու ծառերու աճին, ինչո՞ւ կասեցնել անոնց յառաջխաղացքը, բաւարարուիլ մէկ կամ երկու անձով, անտեսելով մնացածը եւ չստեղծել առողջ մրցակցութեան մթնոլորտ մը։
Բնական է, որ ամէն մարդ սիրէ իր հարազատները, ցանկայ անոնց լաւութիւնը, սակայն այդ մէկը պէտք չէ որ պատճառ հանդիսանայ պաշտօն չարաշահելու, ատակ անձը ընծայելի առիթէ զրկելու, առանց հաշուի առնելու, որ այդ կրնայ ըլլալ խոստմնալից անձի մը միակ առիթը։
Արդեօ՞ք նման մարդիկ այն վախը ունին, թէ որոշ աշխատանքներու կամ անձերու յաջողութիւնը կրնայ խաւարել իրենց կարծեցեալ արեւը։
Պէտք է ըմբռնել այն իրականութիւնը, որ հաւաքական աշխատանքին յաջողութիւնը կþիրականանայ անհատներու ես-ի տրամաբանութիւնը ճզմելով եւ մենք-ի տրամաբանութիւնը աճեցնելով։
Սագօ Խալոյեան