«Ապառաժ».- Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի զինուորական ծառայող Արայիկ Ղազարեանին ատրպէյճանական կողմը գերի իյնալուն մասին տեղեկացուցած են Արցախի Կարմիր խաչի Միջազգային Կոմիտէի առաքելութիւնն ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի Անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակը:
«Արցախի իշխանութիւնները ջանքեր կը գործադրեն ռազմագերի Արայիկ Ղազարեանը հայրենիք վերադարձնելու համար», յիշուած է յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, 12 Օգոստոսին, ժամը 12:00-ին, Պաշտպանութեան Բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ հաստատուած զօրամասերու պահպանութեան տեղամասէն, տակաւին անյայտ պատճառներով, մարտական դիրքը լքած է զինուորական ծառայող, 2000-ի ծնեալ Արայիկ Հայկի Ղազարեան:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի: