Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի ձեռագիրներու վերանորոգման աշխատանքները սկսած են Մայրավանքէն ներս։ Այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը կը վայելէ Գերմանիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը՝ «Աշխարհի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանումը» ծրագիրին ծիրէն ներս եւ կը կրէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած գանձերու պահպանում. հնատիպերու պահպանում եւ վերանորոգութիւն» վերնագիրը։ Ծրագիրը նախաձեռնուած է համագործակցութեամբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերմանիոյ մէջ «Հայկական Մշակոյթի Պահպանութեան Ընկերութեան» եւ «Շթութկարթի Արուեստի եւ Ձեւագծումի Ակադեմիոյ Պահպանութեան Գիտութեան Հիմնարկ»ին։
Երկու տարուան նախապատրաստական աշխատանքէն ետք, այս տարուան Օգոստոսին ծրագիրը մեկնարկեց իր աշխատանքները։
Արդարեւ, Երկուշաբթի, 5 Օգոստոս 2019-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ աշխատակազմին, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ աշխատանքի ընթացքին։
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետին գահակալութեան շրջանին երկու առիթներով կաթողիկոսարանի ձեռագիրները վերանորոգուած են Հայաստանի մասնագէտներու կողմէն։
Վերանորոգման աշխատանքները պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս։