«Ապառաժ».-13 Օգոստոսին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն այցելած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքին մէջ պատանեկան բանակում կատարող ՀՅԴ Լիբանանի Զաւարեան Ուսանողական Միութեան անդամներ Հրակ Գարամինասեան եւ Սելին Գրիգորեան:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի անդամներ Սերկէյ Շահուերդեանի եւ Աշոտ Պետրոսեանի հետ հանդիպման ընթացքին ԶՈՄ-ի անդամները ներկայացուցած են Մարտունիի մէջ ընթացող ճամբարի ընթացքը, քննարկած են ճամբարներու արդիւնաւէտութիւնը աւելցնելու հարցը:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամները, ողջունած են պատանիներու ամառնային առօրեան յագեցնող եւ ուսուցողական բնոյթ ունեցող ճամբարները Արցախի մէջ, կարեւոր համարած են յատկապէս շրջաններու մէջ անոնց կազմակերպումը:
Հրակ Գարամինասեանի խօսքին համաձայն, այս տարուան ճամբարը կը տարբերէր նախորդ տարիներէն: Երեք շաբաթ տեւողութեամբ ընթացող ճամբարը փորձի շրջանի մէջ է եւ ցանկալի արդիւնքի հասնելու պարագային այդ մեթոտը պիտի կիրառեն հետագային:
ԶՈՄ-ականները նոյն օրը ընկերական զրոյց ունեցած են ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան խումբ մը անդամներու հետ:
Հանդիպումներու աւարտին ԶՈՄ-ի անդամները ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ին եւ ՀՅԴ ԱԵՄ-ին յուշանուէրներ փոխանցած են: