Միջնակարգի եւ երկրորդականի  աւարտական կարգերու վկայականաց  բաշխման հանդիսութիւնները  քիչ մը ամէն տեղ գրեթէ նոյն յայտագիրը կ’ունենան.  յաւուր  պատշաճի աշակերտական եւ պաշտօնական խօսքեր,  տարեշրջանի ուսումնական տեղեկագիրի ներկայացում, առաջնակարգ աշակերտներու պարգեւատրում, հուսք բանք, վկայականներու բաշխում եւ այլն: Յայտագիրին մաս կը կազմէ նաեւ գեղարուեստական  պատշաճ բաժին մը՝ մէջընդմէջ կամ առանձնաբար ներկայացուող:

Գեղարուեստական բաժինը յայտագիրին էական բաղադրիչն է. բովանդակային առումով հանդիսութեան գեղագիտական փայլք եւ  իմացական իմաստ հաղորդող, հանդիսատեսին   բարձրորակ վայելքի պահ պարգեւող:  Այդպիսին էր 22   Յուլիս 2019-ին  տեղի ունեցած Քեսապի Ազգ.  Ուսումնասիրաց Ճեմարանի  վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը իր ամբողջութեան մէջ եւ  յատկապէս իր գեղարուեստական բաժինով:

Նի՞ւթը, բովանդակութի՞ւնը. այս տարուան 150-ամեայ մեր երեք յոբելեար մեծերը՝ Յովհ. Թումանեան, Լ. Շանթ, Կոմիտաս վարդապետ:  Երեքին  միաժամանակ  իւրայատուկ 150-ամեակի յոբելինական նուիրում մը:

(Թ. Կարգի  շրջանաւարտները  մշակոյթի մեր  այս երեք մեծերուն մասին փոխանցեցին կենսագրական տուեալներ,  Լ.  Շանթ ասմունքեցին, Կոմիտաս երգեցին եւ  «Քաջ Նազար» ներկայացուցին: Իրենց  դասարանային տարիքի մակարդակին համապատասխան ելոյթով հանդիսատեսին նախաճաշակ մը հրամցուցին  ընկալելու   ԺԲ. կարգի կողմէ մատուցուելիք նիւթը):

Բեմ հանուած հանդիսութիւն մը   միայն եօթ-ութ փորձով   եւ (Թ.  կարգի բաժինը մէկ կողմ դրած) բացառապէս ԺԲ. կարգի  շրջանաւարտ  աշակերտ- աշակերտուհիներով.  Ընդամէնը ութը  հոգի՝  տակաւին պաքալորիայի պետական քննութեան հոգեբանական  ծանր ճնշումն ու ջղային լարուածութիւնը   ամբողջութեամբ չթօթափած,  հաւասարապէս լրացուցիչ քննութիւններուն պատրաստուողի հոգեվիճակով: Միմիայն տասնհինգ վայրկեաններու մէջ մշակոյթի այս երեք հսկաները ներկայացնելը կարելի է պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ խտացում կ’ենթադրէ: Իւրաքանչիւրին հաւասարապէս հինգ վայրկեան: Յովհ. Թումանեանը՝ շրջանաւարտներու մեկնաբանութեամբ, Լ. Շանթի գեղարուեստական կենսափիլիսոփայութիւնը՝ «ունայնութեան փոսով» («Հին Աստուածներ») եւ  որոնումի, ինքնակատարելագործման, անվերջ ձգտումի գաղափարներով  եւ ներշնչող կնոջ կերպարի զօրեղ անհատականութեան օրինակով («Կայսր»)ը: Իսկ Կոմիտա՞սը՝  «Կոմիտասը եւ Քեսապցին» վերնագիրին տակ, որը  պէտք չէ զարմանալի թուի, որովհետեւ հայրենիքէն դուրս ուրիշ ո՞ւր,  եթէ ոչ ամէնէն աւելի Քեսապի  մէջ  Վարդապետը (անկախ իր վարդապետի   հանգամանքէն, շրջանի մը մէջ, որ հակառակ իր պզտիկ  չափերուն ազգին  տուած է մեծաթիւ՝ հոգեւորական, վարդապետ, նաեւ Կաթողիկոս) կրնայ  այնքան իրական ու հարազատ  ընկալելի  ըլլալ, խորապէս, էութեամբ զգացուիլ  իր ծիրանի ծառով,  խնձորի ծառով, մաճկալով, հոռովելով, Սոնա եարով: Շրջանաւարտները իրենց ներկայացմամբ կամուրջ հանդիսանալով՝  բեմական եւ խօսքի հնարքներով  բացին, պեղեցին  ու վերայայտնաբերեցին Կոմիտասի հետ քեսապցիին անցեալի եւ ներկայի  կցորդութիւնն  ու ներզգացողութեան խորունկ ու նուրբ  որոշ ծալքեր:

Գեղարուեստական շատ կարճ ելոյթ մը՝  դրական ահագին լիցքեր հաղորդող,  ներգործող,  տօնական մթնոլորտի մէջ՝ խորիմաստ ու ոգեղէն շունչով յագեցած,  սրահն ու բեմը սկիզբէն մինչեւ վերջ  մագնիսական  հոսանքով ելեկտրականացուցած: Մէկ ամբողջութիւն՝ խճանկարի կտորներու ու գոյներու  պէս խորհուրդ  առ խորհուրդ,  իմաստ առ իմաստ ագուցուած:

Հանդիսութեան մասին  գրուած երկու տողը համեստ գնահատագիր մը ըլլայ  պաքալորիայի շրջանաւարտ սերունդին: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ սերունդի հետ մեր հաւաքական կեանքն է որ  կը վերանորոգուի ու ապագան կ’երաշխաւորուի:

Վերնագիրին մէջ ըսուած է՝  նաեւ «հանդիսութեան առիթով»: «Մասին»ը՝ պատճառ մըն էր,  «առիթով» մը  ըսելու:  Բարի, անպարտադիր ցանկութիւն մը: Շատ կարճ:

Կասկածէ վեր է, որ որեւէ ձեռնարկի  իմաստը  անոր բովանդակութեան մէջ է:   Աւանդական, սովորութենական ուժ ստացած ձեռնարկներ  ներկայացնելը դիւրին է:  Միւս կողմէ ամէն ինչ որ ալ արդիական է  անպայմանօրէն բովանդակալից  չէ: Աւանդականութիւնը, սովորամոլութիւնը նաեւ լճացումի, մեքենական կրկնութեան, անիմաստ միօրինակութեան կը տանի, եթէ չվերանորոգուի: Շատ յաճախ արդիականութեան անունով ձեւականը անհոգի շռայլութեան կը վերածուի, իսկ խորքը կը տժգունի:  Բայց ամէնէն սովորական ձեռնարկն իսկ կարելի  է վերածել բացառիկ առիթի՝ շռայլութեան  ու աչքի խաբկանքի  փոխարէն ժողովուրդին  հոգեկան թրթիռ փոխանցելու,   քարոզչական լոզունգային յանկերգներ կրկնելու, համ ու հոտ կորսնցուցած, մաշած   ձեւերու տեղ հաւաքական բազկերակին զարկը զգացնել տալու, ժողովուրդին գեղագիտական ճաշակը նրբացնելու ու հաւաքաբար զայն վեհացնելու առիթի: Կ’արժէ մտածել  մեր  աւանդական ձեռնարկները  ար- դիականացնելու մասին: Համաձայն չէ՞ք որ   մեր հաւաքական կեանքի  բոլոր ոլորտները բովանդակային  տեսակէտէն վերանորգման լուրջ  կարիքը ունին:

Ներկայ մը