Ան Որ Տեսաւ

Առասպելները, աւանդավէպերն ու դիւցազնավէպերը գրականութեան հնագոյն սեռերն են։ Անոնք գոյութիւն ունեցած են նոյնիսկ գիր գրականութենէն առաջ, երբ մարդիկ պատմութիւնները բերանացի կը փոխանցէին սերունդէ սերունդ, իւրաքանչիւր սերունդ անոր աւելցնելով քիչ մը իր փորձառութենէն ու իմաստութենէն։ Բանահիւսական զրոյցները տակաւին գոյութիւն ունին մինչեւ օրս, սակայն տպագիր գրականութեան եւ ժողովրդային լայն խաւերու գրաճանաչութեան լոյսին տակ, անոնք գրեթէ ոչնչացուած կը համարուին։ Հնագոյն բանահիւսական զրոյցները յաճախ կ’ըլլային բանաստեղծական շունչով ստեղծուած չափածոյ գործեր։ Այս հանգամանքը կը դիւրացնէր գործին գոց սորվիլն ու փոխանցելը յաջորդ սերունդին։

Բանահիւսական գործերու իսկական հեղինակներուն անունները մեզի անյայտ կը մնան, հաւանաբար, որովհետեւ անոնք քուրմեր էին, որոնք առաւել հետաքրքրուած էին սրբազան բնաբաններու պատումով քան իրենց ստեղծագործ կարողութիւններու փառաբանութեամբ։ Խորքին մէջ ստեղծագործ անձի եւ հեղինակի փառաբանութիւնը արուեստի աշխարհին մէջ համեմատաբար նոր երեւոյթ է։ Երկար դարեր արուեստագէտը՝ քուրմը, հաւատալով իր աշխատանքի սրբութեան, զայն կը դարձնէր հանրութեան սեփականութիւնը՝ զայն կոչելով ժողովրդակա՛ն արուեստ, հակառակ անոր որ ժողովուրդին դերը ստեղծագործ ընթացքին մէջ միայն ընկալողի դեր էր եւ ոչ ստեղծողի։ Քուրմ արուեստագէտը աստուածներու հետ մերձեցման մէջ կը գտնէր իր վարձատրութիւնը, սակայն մարդկային հասարակութիւնը, երբ սկսաւ հետզհետէ երթալ դէպի անհատականութեան կերտում, մանաւանդ երբ ստեղծագործ մարդը հասարակութեան մէջ դարձաւ արժէք, ստեղծագործութիւնն ու անոր ընթացքը սկսան նահանջել արուեստագէտի եսին դէմ։ Կնճռոտ խնդիր, որուն կ’արժէ անդրադառնալ հանգամանօրէն։

Մեզի հասած հնագոյն արձանագրուած դիւցազնավէպը Կիլկամէշ թագաւորին պատմութիւնն է։ Կիլկամէշը շումերներու Ուրուք քաղաքի (այժմու Իրաքի հարաւը) թագաւորն էր, որ ապրած է Ք.ա. Գ. հազարամեակին։ Անոր մահէն ետք, շումերները ստեղծած են շարք մը պատմութիւններ, որոնց մէջ միակ հասարակաց գիծը հերոսն է՝ Կիլկամէշ թագաւորը։ Հետագային աքքատաբաբելոնական շրջանին, մօտաւորապէս Ք.ա. ԺԳ.-ԺԱ. դարերուն, այդ զրոյցները հաւաքուած ու խմբագրուած են մէկ դիւցազնավէպի մէջ, որ կը կրէ «Շա Նագպա Իմուրու» վերնագիրը, այսինքն՝ «Ան Որ Տեսաւ»։ Հնագոյն ժամանակներուն որպէս վերնագիր կ’ընդունուէր վէպին առաջին տողը։ Բաբելոնի թագաւոր Աշուր Պանիպալի օրօք արձանագրուած այս վէպը գրուած է 12 կաւէ սալիկներու վրայ, որոնք առաջին անգամ յայտնաբերուած են 19-րդ դարուն։

Աւանդավէպը կը սկսի Ուրուք քաղաքի ու անոր թագաւորին՝ Կիլկամէշին գովաբանութեամբ, ապա կը ներկայացնէ այս թագաւորը, որուն երկու երրորդը անմահ աստուած, մէկ երրորդը մահկանացու մարդ է։ Ան, տարուած իր ուժէն ու իշխանութենէն, անտանելի բռնութիւններու կ’ենթարկէ իր ժողովուրդը։ Աստուածները լսելով ժողովուրդին բողոքը, ափ մը կաւ կը նետեն բացատներուն մէջ եւ այդ ափ մը կաւէն կը ծնի Կիլկամէշին միակ հաւասարը՝ Էնքիտուն։ Ան վայրի հսկայ մըն էր, որ երբ կը լսէ Կիլկամէշի բռնութիւններուն մասին, կ’երթայ Ուրուք եւ մարտահրաւէր կ’ուղղէ բռնակալ թագաւորին։ Երկու հսկաները օրերով ըմբշամարտի բռնուելէ ետք, ոչ մէկը կը յաղթէ եւ երկու ախոյեանները կ’ըլլան հարազատ ընկերներ։ Էնքիտուին ներկայութեամբ Կիլկամէշին բնաւորութիւնը կը սկսի բարեփոխուիլ եւ ան իր անունը անմահացնելու համար ընկերոջը հետ բազմաթիւ արկածախնդրութիւններու կը դիմէ։ Սակայն անխուսափելի մահը վրայ կը հասնի, Էնքիտու աստուածներու դաւադրութեամբ կը մեռնի, Կիլկամէշ կը մերժէ ընկերոջ դիակը թաղել, յուսալով որ աստուածները իր աղաչանքը պիտի լսեն ու զայն վերադարձնեն։ Երրորդ օրը Էնքիտուին դիակին քիթէն որդ մը կ’իյնայ, եւ այսպէս Կիլկամէշ կը յուսահատի։

Յաջորդ փուլին նախկին բռնակալ թագաւորը կը գտնենք ծայրայեղ սուգի մէջ, ան կը մերժէ մահուան գաղափարը, կը զգայ որ անկէ փախուստ չկայ, նոյնիսկ իրեն պէս երկու երրորդով աստուածներու արիւն կրողին համար, ուստի կ’որոշէ երթալ դէպի «Գետերուն Ակունքը», «Սրբազան Օրէնքներու Երկիր», ուր կը գտնուին միակ անմահ մարդիկը՝ Ութնապշտիմը եւ անոր կինը։ Ութնապշտիմը աստուածաշնչեան Նոյին շումերական տարբերակն է, որուն մանրամասն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ։ Բազմաթիւ դժուարութիւններ կրելէ ետք, Կիլկամէշ կը հասնի իր նպատակին, սակայն հոն ալ մեծ յուսախափութիւն կ’ապրի։ Ութնապշտիմ, որ Կիլկամէշին պատկերացուցածին պէս հսկայ հերոս մը չէր, այլ ալեւոր մարդ մը՝ անհանգիստ թագաւորին կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս ինք կրցած էր իր նաւով մարդկութիւնը փրկել մեծ ջրհեղեղէն եւ իբր վարձատրութիւն աստուածները իրեն եւ իր կնոջ պարգեւած են անմահութիւն, որ սակայն անիմաստ պարգեւ մըն է։ Ութնապշտիմ կը հարցնէ, թէ ի՛նչ է անմահութեան արժէքը, երբ մարդ ստիպուած է յաւիտեանս ապրիլ աշխարհի մէկ ամայի ծայրը, մարդոցմէ հեռու։ Ան կը քաջալերէ երիտասարդ թագաւորը ընդունելու մահուան ճշմարտութիւնը, դիտել տալով, որ անմահ մարդ չկայ, սակայն կարելի է յաւիտեան յիշուիլ բարի արարքներով։ Երբ ծերունին կը նկատէ, որ թագաւորը տակաւին համոզուած չէ, խղճալով անոր անհանգիստ վիճակին, անոր կը բացատրէ յաւիտենական երիտասարդութեան խոտին տեղը։ Կիլկամէշ կը յաջողի խոտը ձեռք բերել եւ ուրախութեամբ կը բռնէ վերադարձի ճամբան, սակայն հանգիստի պահուն, օձը աննկատ կը մօտենայ, խոտը կ’ուտէ եւ կաշին փոխելով կրկին կ’երիտասարդանայ։ Կիլկամէշ ձեռնունայն կը վերադառնայ իր հրաշագեղ քաղաքը՝ Ուրուք, որուն պարիսպներուն վրայ կեցած անոր գովքը կ’երգէ եւ դիւցազնավէպը կ’աւարտի սկսած տողերով։

Առաջին նայուածքով կրնայ ըլլալ որ վէպը կիսաւարտ թուի, սակայն իրականութեան մէջ, ամբողջական է։ Կիլկամէշ հաւանաբար մարդկութեան առաջին ողբերգական հերոսն է, որուն համար «եւ ապրեցան ուրախ, զուարթ, երջանիկ» աւարտ չկայ։ Ան իր նպատակին թերեւս չհասաւ, շօշափելի արդիւնք ձեռք չբերաւ, սակայն տարբեր փուլերէ անցնելով, կատարելագործեց իր անձը եւ հասաւ մարդկային ամէնէն խորունկ արժէքներուն։ Իր մահէն ետք, Կիլկամէշ փառաբանուած է որպէս Անդենականի մէջ մեռելներու բարեխօս։ Անոր անունն ու պատկերները գտնուած են զանազան թաղմանական ծիսական բնաբաններու եւ հմայակներու մէջ։

Բազմաշերտ այս դիւցազնավէպի մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը նաեւ ունի բարենպաստ խորք մեր ազգային պահանջատիրութեան առումով։ Կիլկամէշի ճամբորդած երկիրը՝ Արատտա, «Սրբազան Օրէնքներու Երկիր» կամ «Անմահներու Երկիր», իրականութեան մէջ նոյնինքն Հայկական Բարձրաւանդակն է։ Կիլկամէշի վէպին խորքերը թափանցելով, հոն պիտի գտնենք հայերուն եւ շումերներուն միջեւ փոխյարաբերութեան զանազան մակարդակները՝ տնտեսական, ընկերային ու նոյնի՛սկ հոգեւոր։ Այլ խօսքով այս դիւցազնավէպը, մարդկային խորիմաստ արժէքներու կողքին, կու գայ փաստելու, որ Ք.ա. 3-րդ հազարամեակին Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ կար այնպիսի քաղաքակրթութիւն մը, որուն շնորհիւ շումերները շրջանը կոչած են այդպիսի վեհ անուանումներով, իսկ այդ քաղաքակրթութեան իսկական ու միակ ժառանգորդը հայութիւնն է։

Յուշիկ Ղազարեան