Ամիս մը առաջ տեղի ունեցաւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրութեան եւ վարչութեան  կազմակերպած այն լրագրական դասընթացքը, որուն երկար ատենէ ի վեր կը սպասէի:
Տարի մը առաջ, երբ գրիչս շարժել սկսայ թերթին աշխատակցելով եւ աշակերտական կարճ յօդուածներ ստորագրելով, յատուկ հետաքրքրութեամբ սկսայ հետեւիլ թղթակցութեան աշխատանքին՝ ի՞նչ գրել, ինչպէ՞ս գրել…: Ու որքան գրեցի, այնքան սիրեցի այս պատասխանատու աշխատանքը: Երբ խմբագրատուն հրաւիրուեցայ եւ տեսայ թերթ պատրաստելու հաւաքական աշխատանքը, աշխատակազմին դրական ընդունելութիւնն ու քաջալերանքը, ինծի համար շատ հարազատ միջավայր մը դարձաւ խմբագրատունը, իսկ թերթի պատրաստութիւնը, լրատուական աշխատանքն ու գրելու, ընթերցելու, սրբագրելու այդ ամբողջ գործընթացը հետաքրքրութիւնս արթնցուցին եւ մղեցին զիս ուղղուելու մամուլի դաշտ:
Բարձրագոյն ուսման ճիւղս ընտրած էի արդէն, սրտիս խօսող աշխատանքի դաշտը՝ գտած, սակայն կարիքը ունէի  զիս դէպի մասնագիտական  ճամբայ առաջնորդողներու:
Այս դասընթացքը լիցքաւորեց մեզ օգտաշատ գիտելիքներով: Բոլորս կեդրոնացած մտիկ կ’ընէինք դասախօսներուն, որոնք մեզի ահագին գիտելիք կը հրամցնէին, խորհուրդ կու տային: Գրիչները սեղան չէին դրուեր, անընդհատ էջեր կը լեցուէին ու միտքեր կը զարգանային:
Եռօրեայ դասընթացքը աւարտին հասած էր ու ներսիդիս լրագրական աշխատանքին հանդէպ աննկարագրելի սէր արթնցած:
Վստահ եմ որ նման դասընթացքներ շարունակական ըլլալու պարագային, երիտասարդներուն առիթ կը տրուի յայտնաբերելու իրենց թաքուն տաղանդը ինչու չէ նոր ուժեր կը ծնին:
Մենք ալ ինքնաշխատութեամբ, տարուէ տարի բարելաւելու ենք մեր գրիչն ու միտքը:
Ես գտայ իմ երազանքին տանող ճամբան:
Նայիրի Արապաթլեան
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան
11-րդ կարգ