Մեր կեան­քին մէջ կան պա­հեր, որոնց քաղց­րու­թիւնը տա­րի­նե­րով կ’ապ­րի մե­զի հետ, դառ­նա­լով գողտ­րիկ յուշ, մերթ ընդ մերթ մե­զի տա­լով եր­ջա­նիկ անց­եա­լի մը հպար­տու­թիւնը։
Եկէք մտա­ծու­մի թռիչ­քով ժա­մա­նա­կին մէջ ետ եր­թանք ու մի­աս­նա­բար դի­տենք այն մա­նու­կը, որ հա­սած է մանկապարտէզ։ Կը խօ­սի, բայց կա­կա­զե­լով, ան­հան­դարտ է, բայց զգա­յուն։ Երեք տա­րի­նե­րու շունչ ու աշ­խա­տանք եւ ահա ան հա­մար­ձա­կօ­րէն կը խօ­սի մայ­րե­նի լե­զուն։ Վրայ կը հաս­նին նա­խակր­թա­րա­նի վեց տա­րի­նե­րը, որոնց ըն­թաց­քին կ’աճին անոր միտքն ու հո­գին, կը սոր­վի նա­եւ օտար լե­զու­ներ, իսկ մայ­րե­նին կ’ամ­րապնդ­ուի։ Կը ճանչ­նայ իր ազ­գին պատ­մու­թիւնը ու վեր­ջա­պէս կը դառ­նայ գի­տա­կից հայ պա­տա­նի։ Ու կը գր­կէ զինք Ճե­մա­րա­նը, իր տա­քուկ յար­կին տակ։
Ճե­մա­րա­նը իր հա­րա­զատ զաւ­կին կու տայ այն, ինչ որ պէտք է նախ մարդ, ապա՝ հա՛յ ըլ­լա­լու հա­մար։ Ան մեր դի­մաց կը բա­նայ հա­յոց լեզ­ուի հրա­շա­գեղ գաղ­տնիք­նե­րը, մեզ մայ­րե­նի գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տան­նե­րուն մէջ կը պտտց­նէ, իրարա­յա­ջորդ սե­րունդ­ներ հայ­րե­նի հո­ղին յի­շա­տա­կով կ’ար­բեց­նէ, հայ երաժշ­տու­թեան քաղցր մե­ղե­դի­նե­րով ու Տիգրան Մե­ծի սու­րով կը գօ­տեպն­դէ եւ այս բո­լո­րով տո­գոր­ուած՝ ան­սա­սան հա­ւատ­քով զին­ուած կը տա­նի մեզ դէ­պի պայ­ծառ ապա­գայ։ Ան իր հուն­տե­րը ցան ու ցրիւ կ’ընէ, որ­պէս­զի աճին, բազ­մա­պատկ­ուին, լոյ­սի շո­ղեր սփ­ռեն եւ ամէնու­րեք տի­րեն պայ­ծա­ռու­թիւնն ու կեան­քը։
Մեր սր­տե­րուն մէջ, տա­րօ­րի­նակ եւ ան­հասկ­նա­լի զգա­ցում­ներ կը տո­ղան­ցեն այս պա­հուն։ Ճիշդ է, որ մեր հո­գի­նե­րը լիցքա­ւոր­ուած են խոր ու ան­սահ­ման ու­րա­խու­թեամբ կեան­քի այս փու­լը յա­ջո­ղու­թեամբ իր աւար­տին հասց­նե­լով, սակայն յու­զու­մը մեր ան­բա­ժան ըն­կերն է։ Մարդ արարա­ծը միշտ կը փոր­ձէ առա­ջա­նալ, կը շտա­պէ, բայց հաս­նե­լէն ետք, կը փա­փա­քի քայլ մը ետ առ­նել, վե­րա­դառ­նալ յի­շա­տակ­նե­րուն գիր­կը, քաղց­րու­թեամբ վեր­յի­շել թա­փած ճիգն ու ան­ցած ճամ­բան, այս­քան բարձր գո­հու­նա­կու­թիւն զգա­լու հա­մար։ Այս զգա­ցում­նե­րը մեր բո­լո­րին վրայ կը գե­րիշ­խեն այս պահուս, սա­կայն կեան­քը կը շա­րու­նակ­ուի եւ մենք պէտք է հա­մա­կեր­պինք այդ ճշ­մար­տու­թեան հետ։
Մենք՝ այ­սօր­ուան վկայ­եալ­ներս, թէ­եւ միայն երեք տա­րի է, որ Ճե­մա­րան կը յա­ճա­խենք, սա­կայն այդ կարճ ժա­մա­նա­կին մէջ, անոր հոգի­ին մէջ փո­րագր­ուե­ցան մեր պատ­մու­թիւն­նե­րը՝ ան­կում­ներն ու յաղ­թա­նակ­նե­րը, վե­րելք­ներն ու վայրէջքնե­րը, ըն­կե­րա­յին ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րը, օտա­րու­թեան ճամ­բան բռ­նած մեր ըն­կեր­նե­րուն անուն­նե­րը, այլ խօս­քով՝ ամէն բան, որ կը բնո­րո­շէ մեզ ու մեր կտ­րած ճամ­բան։
Մեր ան­հա­տա­կա­նու­թիւնը կեր­տող երկ­րորդ օճա­խը՝ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նը, նկա­րագ­րե­լը ան­կա­րե­լի կը թուի ըլ­լալ ին­ծի։ Անոր յար­կին տակ առած մեր դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան շնոր­հիւ, կը շա­րու­նա­կենք գո­յա­տե­ւել, նոյն ինք­նավս­տահ ու ան­շա­հախն­դիր ըն­թաց­քով, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով մեր սկզ­բունք­նե­րուն, իբ­րեւ հայ՝ ապա սուր­ի­ա­հայ քա­ղա­քա­ցի։
Մե­զի կ’ըսէ­ին. «Դպ­րո­ցը երկ­րորդ տուն է, իսկ ու­սու­ցիչ­նե­րը՝ երկ­րորդ ծնող­ներ»։ Փոքր էինք, ամ­բող­ջա­պէս չէ­ինք կր­նար ըմբռ­նել այս նա­խա­դա­սու­թեան իմաս­տը, սա­կայն տա­րի­նե­րու թա­ւա­լու­մով ան ոչ միայն բա­ցար­ձակ ճշ­մար­տու­թիւն, այլ նա­եւ շօ­շա­փե­լի փաստ դար­ձաւ մեր կեան­քին մէջ։ Որ­քան երախ­տա­պարտ ենք ձե­զի, մեր սի­րե­լի ու­սու­ցիչ­ներ, երկ­րորդ ծնող­ներ։ Երախ­տա­պարտ ենք նա­եւ մեր հայ­րե­րուն ու մայ­րե­րուն, որոնք իրենց նուի­րու­մով ու զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով մէկա­կան լոյ­սի փա­րոս եղան մեր կեան­քին մէջ։ Կը յանդգ­նինք նոյ­նիսկ մեր յա­ջո­ղու­թիւնը ձե­զի՛ վե­րագ­րե­լու։ Մեր երախտի­քի մեծ բա­ժի­նը կու տանք Ճե­մա­րա­նի Տնօ­րէ­նու­թեան, յանձ­ինս մեր զոյգ տնօ­րէն­նե­րուն՝ պա­րոն Վա­հէ Ղազարեա­նին ու պա­րոն Յա­կոբ Քի­լէճ­եա­նին, մեր սի­րե­լի դաստիարակին՝ օրի­որդ Նա­յի­րի Զա­քոյ­եա­նին, մեր ուսուցիչնե­րուն, Խնա­մա­կա­լու­թեան ու Շր­ջա­նա­ւար­տից Միու­թեան, որոնք թեւ թի­կունք կանգ­նե­լով մե­զի, ան­ցնող երեք տա­րի­նե­րը դար­ձու­ցին մեր կեան­քին ամէ­նէն գե­ղե­ցիկ յի­շա­տակ­նե­րը։
Այս շէն­քը, որուն շր­ջա­փա­կին մէջ հա­ւաք­ուած ենք այ­սօր, լոկ կա­ռոյց մը չէ ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րուն հա­մար, այլ փոխադարձ սի­րոյ ու ան­սահ­ման նուի­րու­մի վեր­նա­գիրն է։ Մեր սի­րե­լի Ճե­մա­րա­նին ըն­դա­ռաջ, խօս­քե­րը աւե­լորդ են, իսկ բա­ռե­րը անուժ. միայն կը բա­ւա­րար­ուիմ ըսե­լով՝
Ան­հաս բերդ, մե՛ր Ճե­մա­րան,
Հա­յու դրօշ յաղ­թա­կան,
Որ­քան ալ որ մենք մեծ­նանք,
Մի՛շտ զա­ւակ­ներդ կը մնանք…

Քարէն Գատէհճեան