ՏԵՂԱԿԱՆ 

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՁԱԽՈՂ ԸՆԹԱՑՔԸ
 Արեւմտեան Ասիոյ մրցումներու շրջագիծին մէջ Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը շարունակեց իր ձախող ընթացքը եւ արձանագրեց նոր պարտութիւն մը այս անգամ Պաղեստինի կազմին դէմ 4 – 3 արդիւնքով: Հանդիպումի երրորդ վայրկեանին, Սուրիոյ հաւաքականի խաղացող Խալէտ Մուպայէտ կատարեց կոլերուն բացումը,որմէ ետք պաղեստինցիները տիրապետեցին խաղարկութեան եւ վտանգի ենթարկեցին Իպրահիմ Ալմայի դարպասը: Նախքան կիսախաղին աւարտը, մրցակից կազմը օգտուելով Ալմայի սխալէն արձանագրեց հաւասարութեան կոլը: Երկրորդ կիսախաղը ընթացաւ նոյն մակարդակով: Պաղեստինի հաւաքականը երկու վայրկեանի մէջ կրցաւ նշանակել զոյգ կոլեր, որոնցմէ մէկը եղաւ տուգանային հարուածով: Սուրիոյ հաւաքականի մարզիչ Ֆաճր Իպրահիմ դաշտ ուղղեց Ֆիրաս Խաթիպն ու Մարտիկ Մարտիկեանը՝ աշխուժացնելու կազմին առաջատար գիծը: Խաթիպ յաջողեցաւ տուգանային հարուածով արձանագրել Սուրիոյ երկրորդ կոլը, որմէ հինգ վայրկեան ետք, Մարտիկը նշանակեց երրորդը: Նախքան հանդիպումին աւարտը, Մուհամէտ Ամին նշանակեց Պաղեստինի յաղթանակին կոլը:
Աւելցնենք, որ վերջին ամիսներուն, Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը կ’ապրի թոյլ շրջան մը, որուն համար սուրիացի մարզասէր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը պահանջէ մարզիչին եւ մարզական կոմիտէին հրաժարականները:
Անցեալ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ ֆութպոլի կոմիտէն ներկայացուց իր հրաժարականը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ԸՄԲԻՇ ՆՈՐԱՅՐ ՀԱԽՈՅԵԱՆ՝ ԹԻՖԼԻՍԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ 
Ըստ ՀԱՕԿ-ի պաշտօնական կայքին, Թիֆլիսի մէջ ընթացող ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին հայ ըմբիշները նուաճեցին երեք մետալներ: 55 քկ. ծանրութիւն ունեցող Նորայր Հախոյեան 2 – 3 արդիւնքով զիջեցաւ Իրանը ներկայացնող ըմբիշին եւ բաւարարուեցաւ արծաթէ մետալով, նոյն ծանրութեամբ Ռութիկ Մկրտչեան 6 – 3 արդիւնքով կրցաւ արձանագրել յաղթանակ մը եւ ձեռք ձգել պրոնզէ մետալ: 72 քկ. ծանրութիւն ունեցող մարզիկ Հրանդ Կալաչեան 8 – 0 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել մրցակիցը եւ դարձեալ արժանանալ պրոնզէ մետալի: Մրցաշարքի յաղթողներն ու մետալակիրները համապատասխանաբար պարգեւատրուեցան 1000, 800 եւ 500 ամերիկեան տոլարով:
ԱՐՈՆԵԱՆ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԱՒ GRAND CHESS TOUR-ԻՆ 
Հայաստանի ճատրակի դաշնութեան պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 10-14 Օգոստոսին հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան մասնակցեցաւ Կրանտ Չէսս հերթական փուլին, որ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ: 10-12 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի մրցաշարք, իսկ 13-14-ին՝ կայծակնային մրցաշարք: Մրցաշարքին ընթացքին Արոնեանի մրցակիցներն էին Մագնուս Կարլսենը, Մաքսիմ Վաշիէ-Լագրաւը, Ֆապիանօ Քարուանան, Տին Լիժէնը, Սերկէյ Քարեաքինը, Շահրայար Մամետեարովը, Ռիչըրտ Ռապորթը, Եու Եանկին եւ Տոմինկէս Փերես Լենիերը:
Լեւոն Արոնեանի Grand Chess Tour (GCT) արագ ճատրակի մրցաշարքին մրցակիցն էր ռուս մարզիկ Սերկէյ Քարեաքինը։ Արոնեան յաղթանակ արձանագրած էր նաեւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լագրաւիի խաղին։ Աւելցնենք, որ մրցաշարքի ընդհանուր մրցանակային պարգեւը կը կազմէ 150.000 ամ. տոլար, իսկ յաղթողին մրցանակը՝ 37. 500 ամ. տոլար: Արագ ճատրակին իւրաքանչիւր մարզիկին յատկացուած է 25 վայրկեան, իւրաքանչիւր քայլէ յետոյ 10 վայրկեան երկարելու կարելիութեամբ:
Կրանտ Չէսսի աւարտէն ետք, Արոնեան 16-30 Օգոստոսին Սենթ Լուիսի մէջ կը մասնակցի Սինքֆիլտի բաժակի խաղին:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան