Ռազմական փորձագէտ Արթուր Եղիազարեան դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է, որ ՀՀ Զինուած ուժերը յաջողած են աւելի քան 140 հեքթար տարածք ազատագրել, որուն որպէս արդիւնք հայկական ուժերուն բարձր դիրքերէն ուղիղ նշանառութեան տակ յայտնուած են Ատրպէյճան-Վրաստան մայրուղին, թիրախային գօտիին մէջ են նաեւ ատրպէյճանական Իքինճի Շըխլը գիւղը եւ գիւղի ողջ ցանքային տարածութիւններն ու արօտավայրերը:
«Երկիր Մեդիա»ն կը հաղորդէ. «Հայոց բանակը հերթականօրէն կը փաստէ, որ գործնականութեամբ եւ հարցերը արդիւնաւէտօրէն լուծելու կարողութեամբ՝ կը մնայ իր բարձրութեան վրայ։ Վերջին ամիսներուն, թշնամիի սահմանապահներուն դէմ պայքարի ընթացքին, ՀՀ Զինուած ուժերը լուրջ յաջողութիւններ գրանցած են Տաւուշի մարզի հիւսիսային հատուածին մէջ: Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան ստորաբաժանումները փորձած են դէպի միջդիրքային տարածքը յառաջանալ եւ նոր բնագիծ բանալ «Պապաքեար» կոչուող լերան շրջակայքը, բայց գնդապետ Գրիգորի Խաչատուրովի հրամանատարութեամբ գործող ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան 3-րդ բանակային զօրամիաւորման մարտական ստորաբաժանումներու դիմադրութեան հանդիպելով ՝ ստիպուած իրենց տարածքին մէջ մնացած են: Գերազանցելով հակառակորդին՝ ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրցած են աւելի քան 140 հեքթար տարածք ազատագրել:
ՀՀ Զինուած ուժերու արդիւնաւէտ գործողութեան արդիւնքով յաջողութեամբ կրցած են կեցնել ոչ միայն թշնամիի սադրանքը, որ Հայաստան-Վրաստան մայրուղիին վրայ նպատակ ունէր վերահսկողութիւն սահմանել, այլ նաեւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու եւ պետական քարոզչամեքենայի համար յանկարծակի շրջադարձի պարագային հայկական ուժերուն ձեռք բերած գերադաս դիրքերէն ուղիղ նշանառութեան տակ յայտնուած է Ատրպէյճան-Վրաստան մայրուղին: Թիրախային գօտիի մէջ յայտնուած է նաեւ ատրպէյճանական Իքինճի Շըխլը գիւղը եւ գիւղի ամբողջ ցանքատարածութիւններն ու արօտավայրերը: Իսկ աւելի կարեւոր է այն հանգամանքը, որ եթէ թշնամին յաջողէր իր կռուազան մտայղացումը՝ ապա պիտի վտանգուէր Վրաստանէն ՀՀ մտնող կազատար խողովակաշարի անվտանգութիւնը։ Սա ՀՀ-ի համար կենսական խիստ անհրաժեշտ քայլ էր ։
Փորձելով խուճապի տարածումը սեփական բնակչութեան շրջանին մէջ կանխել, ինչպէս նաեւ անոր ոգեւորող կեղծ լուրեր մատուցելով՝ ատրպէյճանական քարոզչամեքենան պարբերաբար կը դիմէ տեղեկատուական ձեռնածութեան՝ հրապարակելով տեղեկութիւն առ այն, որ իբրեւ թէ Ատրպէյճանի սահմանապահները յաջողութիւն եւ յառաջխաղացք արձանագրած են: Իրականութեան մէջ վերջին շրջանին ատրպէյճանական զինուժը կրցած է է փոքր տարածք գրաւել, սակայն ոչ թէ Հայաստանէն, այլ դրացի Վրաստանէն: Այս մասին կրնաք աղմկայարոյց տարբեր նիւթեր տեսնել վրացական մամուլի մէջ։ Իսկ թշնամին չյաջողեցաւ Հայաստանի սահմանը աւելի մօտենալ՝:
Սովորաբար հայկական կողմը նման դէպքերուն լռութիւնը կը պահէ, բայց հաշուի առնելով իր բնոյթով թշնամի հակառակորդի ապատեղեկատուական գործունէութիւնը մեր մասին ՝ կը կարծեմ, որ ՀՀ բնակչութիւնը այս մասին պէտք էր իմանար, որպէսզի ապատեղեկատուական քարոզչութեան զոհ չդառնայ։
Վերջին գործողութիւններուն պարագային ՀՀ Զինուած ուժերը յառաջանալով նոր բնագիծին մէջ ոչ միայն կրցան աւելի ամրապնդել սահմանակից մեր գիւղերու եւ հանրուղիներու անվտանգութիւնը, այլեւ ատրպէյճանական մայրուղին կրցան վերահսկողութեան տակ առնել ։ Պաքուի իշխանութիւններուն սա պէտք է դաս ըլլայ։ Թող մեղաւորներ փնտռէ իրենց բարձրաստիճան ապաշնորհ զինուորականներուն մէջ:
Այսպէս պէտք է պատժուի հակառակորդը՝ իր ամէն մէկ նախայարձակ գործողութեան համար, ստանալով արժանի հակայարձակում», գրած է Արթուր Եղիազարեան: