Ուրբաթ, 16 Օգոստոսի երեկոյեան Հասիչէի ՍՕԽ-ի «Լոռի» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով խրախճանք մը կազմակերպեց, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան նախակրթարանի հայ առաջնակարգ աշակերտները, ինչպէս նաեւ պրովէի եւ պաքալորիայի պետական քննութեանց մասնակցած ու յաջողած հայ աշակերտները։
Բացման հայերէն խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Սալբի Հալէպօղլեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով, շնորհաւորեց Մարիամ անունը կրողները, ապա շնորհաւորեց յաջողած աշակերտները, մաղթելով բոլորին փայլուն ապագայ եւ նորանոր յաջողութիւններ։ Արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ ընկերուհի Մակի Փանոսեան, որ անդրադարձաւ Հասիչէի Մեսրոպեան ազգային վարժարանի գնահատելի աշխատանքին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին նուիրեալ ծառայութեան։ Ան ա դրադառնալով երկրի ներկայ վիճակին եւ սուրիական բանակի յաղթանակներուն, յայտնեց, որ համայնքը հաւատարիմ կը մնայ Սուրիական Հայրենիքին, անոր դրօշին, բանակին եւ վսեմաշուք նախագահին։
Այնուհետեւ նուէրներով գնահատուեցան նախակրթարանի առաջնակարգ հետեւեալ հայ աշակերտները.
Ազնիւ Սարգիսեան
Այտա Մարտոյեան
Մարիօ Աբրահամեան
Ապա պրովէի յաջողած հետեւեալ հայ աշակերտները.
Սարգիս Կիրակոսեան
Հայկ Զաքարեան
Կարէն Գասպարեան
Եւ վերջապէս պաքալորիայի յաջողած հետեւեալ հայ աշակերտները.
Եղնիկ Սարգիսեան
Յովիկ Զաքարեան։
Խրախճանքը շարունակուեցաւ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն