«alikonline.ir» – Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն Իրանեան Լրատու գործակալութեան տեղեկացուցած է, որ եռակողմ չափանիշով, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 16 Սեպտեմբերին, Անգարայի մէջ:
Յիշեցնենք, որ սա նման ձեւաչափով երեք երկիրներու ղեկավարներուն 5-րդ հանդիպումն է: Հանդիպումներուն ընթացքին Ռոհանի, Փութին եւ Թայիպ Էրտողան քննարկած են տարածաշրջանային ահաբեկչութեան դէմ միատեղ պայքարի, Սուրիոյ մէջ քաղաքական ապահովութեան եւ խաղաղութեան հաստատման եւ փախստականներու վերադարաձին առնչուող հարցեր: