Խօսքի եւ գործի, ինչպէս նաեւ մտաւոր տեսութեանց եւ կիրառումներու միջեւ անջրպետը տեւաբար ու ամէնուրեք եղած է լայնածիր եւ անկամարելի։
Առօրեայ մեր կեանքին մէջ յաճախակիօրէն կը հանդիպինք մարդոց, որոնք իրենց տեսակէտներն ու գաղափարները կը ներկայացնեն մեծ ճարտարութեամբ եւ պերճաբանութեամբ, ամենայն տրամաբանութեամբ ու համոզչականութեամբ կը ճառեն ազնուագոյն սկզբունքներու եւ սրբազնագոյն հաւատալիքներու մասին, մինչեւ անգամ սեփական կուռ միտքերով ու վսեմ ձգտումներով կը հրապուրեն խօսակիցներ կամ ունկնդիրներ, իսկ գործնականապէս կը ցուցաբերեն բոլորովին տարբեր ընթացք եւ մօտեցում՝ մնալով շատ հեռու իրենց դրսեւորած մտածումներէն ու դիրքորոշումներէն։
Ընթացիկ մեր կեանքէն բազմաթիւ դրուագներ եւ երեւոյթներ կու գան վկայելու, որ շատ դժուար է ու գրեթէ անկարելի հաշտեցնել մարդոց խօսքերն ու գործերը, կամ սահմանափակել տեսութիւնն ու իրականութիւնը բաժնող անդնդախոր վիհը։
Աշխարհի չորս ծագերուն այլազան առիթներով կը կազմակերպուին համագումարներ, գիտաժողովներ եւ գերաստիճաններ, որոնց մասնակցութիւն կը բերեն բազմաթիւ կազմակերպութիւններ ու երկիրներ իրենց լաւագոյն գիտնականներով, լիազօր ներկայացուցիչներով եւ բարձրագոյն պատասխանատուներով։ Այդ հանդիպումներու ընթացքին մարդկութիւնը կամ հասարակական զանգուածներ մտահոգող եւ տագնապեցնող հրատապ խնդիրներու առնչութեամբ կը կատարուին լուրջ ուսումնասիրութիւններ, առարկայական քննարկումներ, առողջ վերլուծութիւններ, օգտակար առաջարկներ, նպատակասլաց դարմանումներ… Իսկ իբրեւ արդիւնք՝ կ’ընդունուին վճռական ու բարենպաստ որոշումներ, ապագայի հաշւոյն կը մշակուին հրաշալի ծրագիրներ, կը հրապարակուին աւետաբեր հեռանկարներ խոստացող մեծաշռինդ հաղորդագրութիւններ կամ յայտարարութիւններ…։ Սակայն, իրողապէս այդ որոշումներուն ու եզրայանգումներուն գործնականացումը միշտ ալ կ’ուշանայ, եւ ժամանակի թաւալումին հետ, իրենց հմայքն ու ազդեցութիւնը տակաւ կորսնցնելով անոնք կը պարպուին պարունակէ եւ օր մըն ալ ընդմիշտ արժեզրկուելով կը յանձնուին մոռացութեան։
Արդարեւ, արագ ակնարկով մը եթէ թերթատենք պատմութիւնը, առանց դժուարութեան պիտի հաստատենք թէ տարբեր ժամանակներու ընթացքին միջոցը անկամրջելի տարողութեամբ ընդարձակ եղած է խօսքի եւ իրականութեան, միաժամանակ ծրագրումի ու գործադրութեան միջեւ, ըլլայ անհատական եւ ըլլայ հաւաքական հարթակներու վրայ։
Մեր օրերուն արհամարհելի չէ թիւը այն մարդոց, որոնք աշխատանքէ հեռու, իրենց ժամանցի կամ զրոյցի պահերուն սովորութիւն դարձուցած են հաճոյալի եւ շռայլուած արտայայտութիւններով ջատագով հանդիսանալ ուղղամտութեան, պարկեշտութեան, անսայթաք նկարագրի, բարոյական վեհ սկզբունքներու եւ այլ անհամար առաքինութիւններու… Այնուամենայնիւ, պահ մը ետք երբ փոխադրուին գործնական միջավայր, ուր կը տիրապետեն նախանձ, անհանդուրժողութիւն, անդուլ մրցակցութիւն եւ անյագուրդ շահամոլութիւն՝ անոնք կը փոխակերպուին ամբողջովին տարբեր եւ անճանաչելի էակներու, որոնք ոչ մէկ աղերս ունին վերոյիշեալ պատուական եւ ազնուաբարոյ մարդոց հետ։
«Յարմար եւ ատակ մարդը համապատասխան պաշտօնին» նշանաբանը ամէն առիթով առաջ կը քշենք եւ արժանաւորներ միայն գործի հրաւիրելու պահանջք կը դնենք, բայց իրողապէս շատ անգամ ամենապատասխանատու դիրքերու վրայ պատահական տուեալ պաշտօնին հետ ամենեւին կապակցութիւն չունեցող համեստ ընդունակութիւններով մարդիկ կը բազմեցնենք, ընդհանրապէս թելադրուած փոխշահաւէտ համաձայնութիւններէ, խնամիական կամ բարեկամական կապերէ եւ այլ բազում բացայայտ եւ քողարկուած նկատառումներէ։
Շատեր կը յոխորտան իրենց լայնախոհութեամբ, աչալրջութեամբ, պայծառամտութեամբ, ազատական գաղափարներով եւ սկզբունքներով, կը հաւաստիացնեն օրինակ որ իրենք կողմնակից են այր մարդու համահաւասար իրաւունքներ ճանչնալու կնոջ, անոր հանրային պաշտօններ եւ ղեկավար դիրքեր վստահելու, ազատ եւ անձնապէս յարմար դատած ոճով կենցաղակերպ վարելու, տարբեր խնդիրներու մասին անկաշկանդօրէն արտայայտուելու, ինչպէս նաեւ որոշակի եւ ուրոյն տեսակէտներ պարզելու եւայլն։ Սակայն ընտանեկան յարկէն ներս գերակայութեամբ, հրամայողաբար եւ բրտութեամբ կը վերաբերին իրենց կողակիցներուն հետ, մշտապէս իբրեւ ծառայի հնազանդութիւն կամ ենթակայութիւն պարտադրելով անոնց ու անտեղիտալիօրէն իրենց վերապահելով վճռորոշ խօսքը։
Բանաւոր արտայայտութիւնները որքան ալ ըլլան գեղեցիկ, շահեկան, տպաւորիչ եւ դարպասող կը մնան արժեզուրկ, եթէ չթարգմա-նուին գործի կամ չարդիւնաւորուին շօշափելի արարքներով, տակաւ դառնալով պարզապէս ցուցադրական եւ անիմաստ ելոյթներ, կամ սպառողական անհեթեթ պոռոտաբանութիւններ։
Տկար եւ փոքրոգի մահկանացուներ երբեմն բարձրագոյն վկայականներու, դիրքերու կամ պաշտօններու հասնելէ ետք կը մոռնան իրենց թշուառ, խեղճ եւ կարեկցալի անցեալը ու կը խուսափին բացայայտել իրենց իրաւ ինքնութիւնը, մինչեւ իսկ կը փորձեն ծածկել ազգակցական այն սերտ կապը կամ արենակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի իրենց եւ խոնարհ դասի պատկանող հարազատներու ու սիրելիներու միջեւ… անարդարօրէն եւ ապերախտութեամբ ուրանալով անոնց կողմէ իրենց տրամադրուած անգնահատելի բարիքներն ու հսկայական նպաստը, որոնց շնորհիւ կարողացած են տիրանալ այսօրուան պատիւին եւ յաջողութեան։
Անտարակոյս, նման շեղ վարքագիծ մը մարդս կ’առաջնորդէ անպարկեշտութեան եւ խաբէութեան, նախ իր անձին՝ ապա ուրիշներու նկատմամբ, դարպասը լայն բանալով կեղծիքի եւ խաթարումներու առաջ։ Ուրեմն՝ գործնական ապացոյցը կը մնայ ամենավստահելի եւ անմենահաւաստի գրաւականը մեր խօսքերու ճշմարտացիութեան ու վաւերականութեան։
Փոխադրուելով այլ բնագաւառ՝ գրականութեան, արուեստի եւ ստեղծագործութեան աշխարհ, պիտի տեսնենք որ մշակութային եւ գեղարուեստական մեծ ուղղուածութեանց հիմնադիրներ կամ ջահակիրներ յղացած են չափանիշեր, տեսութիւններ եւ օրէնքներ, զորս կը կիրարկեն շեշտուած խստապահանջութեամբ ու բծախնդրութեամբ այլոց պատկանող ստեղծագործութիւններու քննարկման եւ արժեւորման պարագային։ Մինչդեռ երբ կարգը կու գայ իրենց երկերուն եւ արտադրութիւններուն՝ կոպտօրէն եւ առանց վերապահութեան կը խախտեն կամ կը շրջանցեն այդ սկզբունքներն ու նախապայմանները, ակնյայտօրէն դաւանելով այն տեսութիւնը, թէ իրենց ընդունած ու բանաձեւած կանոններն ու արժեչափերը ի զօրու են միայն ուրիշներու համար, բայց ոչ՝ իրենց։
Բժիշկներ ընդհանրապէս կը զգուշացնեն իրենց հիւանդները ոգելից ըմպելիներու եւ ծխախոտի վնասներէն, անոնց կը յանձնարարեն սննդականոնի եւ մարմնամարզի հետեւիլ, նաեւ հեռու կենալ զանազան մոլութիւններէ եւ շատակերութենէ։ Բայց իրենք շատ քիչ պարագաներու միայն կը գործադրեն այդ թելադրութիւններն ու յորդորները, որդեգրելով այն սկզբունքը որ կը պատգամէ. «Կատարէ խորհուրդներս, նոյնիսկ եթէ նկատես, որ ես ինքս կը թերանամ անոնց կիրարկման մէջ, որովհետեւ անոնք անպայմանօրէն պիտի օժանդակեն քեզի, մինչ անձիս հանդէպ անփոյթ եւ անհոգածու վերաբերմունքս ոչ մէկ ձեւով պիտի վնասեն ուրիշներու»։
Նմանօրինակ երեւոյթներու եւ պարագաներու թուարկումը տակաւին կարելի է շատ երկար շարունակել՝ կեանքի այլազան ասպարէզներէն անհամար օրինակներ մէջբերելով։
Կեանքի մէջ ոչ մէկ միջոցառում կամ գործընթաց աւելի ուղղիչ, վարակիչ եւ նպատակասլաց կրնայ ըլլալ, քան սեփական կենցաղով ապացուցուած ազնիւ, տիպար եւ առարկայական մարմնաւորումը, որ կը հանդիսանայ գօտեպնդիչ ու խթանիչ ուժ եռանդուն եւ արդիւնարար գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ապահով գրաւական ազնիւ համոզումներ խարսխելու, վսեմ նպատակներ հետապնդելու եւ հեռահաս տեսլականներ կենսագործելու։
Այսօր, անհրապոյր եւ տաղտկալի յանկերգի նման ամէնուրեք կը լսուին ազատութիւն, անկախութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, արդարութիւն, ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ փառաբանող ու պահանջող կոչեր, տակաւին կը բարձրանան խօսքի եւ դաւանանքի անբռնաբարելիութեան, ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման, հասարակաց շահերու գերադասման, թշուառներու եւ իրաւազրկուածներու պաշտպանութեան, ոճրային կամ բիրտ արարքներու մերժման ու դատապարտման յարող եւ զօրակցող հրաւէրներ ու կարգախօսներ… Այսուհանդերձ՝ գործնականապէս ոչ մէկ քայլ կ’առնուի այդ ճոռոմ, ուռուցիկ եւ պոռոտ լոզունգները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։
Այսպէս՝ խօսքն ու գործը սովորաբար կը գտնուին հեռաւոր դիրքերու վրայ, երբեմն նոյնիսկ ներկայանալով իբրեւ հակոտնեայ բեւեռներ, այն աստիճան, որ սակաւադէպ կերպով զանոնք կարելի է տեսնել կողք-կողքի, իրարու հաշտ ու զուգահեռ ընթացքի մէջ։
Արդարեւ, իրենց դաւանած տեսութիւններն ու խօսքը դրժող անհամար մարդիկ կը վխտան մեր շուրջ։ Անոնք կը ջանան յարդարել եւ բարեզարդել շատ մը ժխտական ու յոռի երեւոյթներ, ապա զանոնք հրամցնել բարեշրջուած եւ դրական կերպարով՝ խեղաթիւրելով իրականութիւնները, թաքցնելով թերութիւններն ու անպատեհութիւնները։ Անոնց այս վերաբերումը խարդախ եւ չարակամ մարդոց վատ արարքներուն հետ կարելի է համեմատել միայն։ Քանի՝ անոնք կը փորձեն խաբել մեզ, չարաշահել մեր բարեացակամութիւնն ու վստահութիւնը, օգտագործելով խաբուսիկ ու շլացուցիչ միջոցներ, միանգամայն պատիր ու ներգրաւիչ լեզու։
Մեծախօսիկ մարդը ընդհանրապէս գործի մէջ կը կաղայ, կը խարխափէ, կ’ընկրկի ու կը ձախողի։
Բնականաբար կեղծաւոր, երկերես, անսկզբունք, անողնայար եւ անվստահելի մարդոց հետ վարուելու լաւագոյն կերպը կը մնայ մերկացնել անոնց անհարազատ, ծպտուն եւ ստապատիր ինքնութիւնը, անհաստատ ու լարախաղաց կողմնորոշումները… Որպէսզի, թէկուզ որոշ չափով խպնին եւ անդրադառնան, թէ մարդիկ այնքան ալ պարզամիտ եւ անգիտակից չեն, այլ ի վիճակի են դիւրութեամբ զատորոշելու լաւն ու վատը, գեղեցիկն ու տգեղը, օգտակարն ու վնասակարը ճիշդն ու սխալը, հիմնականն ու մակերեսայինը, կեղծն ու հարազատը, մնայունն ու անցողակին եւայլն։
Եթէ սնամէջ ու շռայլուած խօսքը, անբովանդակ ճառերը, անպարունակ նշանախօսքերը, անհիմն քարոզչութիւնը, անիրատես եւ ցանկապաշտական նկրտումները ժողովուրդներու յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան երաշխիքներ հանդիսանային, այսօր հսկայական նուաճումներ արձանագրած ճարտարարուեստական բարգաւաճ երկիրներու ցուցակին վրայ պարագլուխի դիրք պիտի գրաւէին բոլորովին տարբեր ազգերու եւ հաւաքականութիւններու անուններ։
Խաչիկ Շահինեան