Բանտարկեալ էր: Պատերազմի ատեն գերի ինկած էր թշնամիին ձեռքը: Բանտի խցիկի ափի չափ պատուհանին ամէն օր զինք կ’այցելէր ճերմակ աղաւնի մը: Ան իր միակ խօսակիցն էր ու դարձած էր իր միակ մտերիմը: Օրուան ընթացքին անհամբեր կը սպասէր անոր գալուն: Անոր կը պատմէր իր մասին, իր կատարած քաջութիւններուն մասին, համոզումով եւ սիրով իր ծառայելուն մասին: Աղաւնիին հարցումներ կ’ուղղէր ու ինքն ալ կը պատասխանէր իր իսկ հարցումներուն.
-Ինչո՞ւ այսպէս տխուր ես:
-Չե՞ս տեսներ, որ բանտն եմ, չորս պատի մէջ:
-Ինչո՞ւ: Ի՞նչ ըրած ես որ ….
-Թշնամիին դէմ կը կռուէի:
-Զղջացա՞ծ ես:
-Բնա՛ւ:
-Ուրեմն,…
-Շատեր պիտի մտածեն, որ ես սխալ գործեր կատարած ըլլալուս հետեւանքով բանտարկուած եմ: Թերեւս նոյնիսկ եղբայրս այդպէս մտածէ:
-Պատմէ՛, պատմէ՛, սիրով պիտի լսեմ քեզ:
-Ի՞նչ պատմեմ: Պատմելէն ի՞նչ օգուտ, երբ օգնող չկայ:
-Վիճակդ շատ դժուար է:  Կը տխրիմ քեզի համար:
 -Հո՛ս, այս խուցին մէջ նետուած՝ ուրիշ գործ չունիմ, բացի օրերը հաշուելէ:
-Կ’ուզեմ օգնել քեզի:
-Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս:
-Լաւ , մի՛ տխրիր:
-Զիս փրկէ այս տեղէն:
-Ի՞նչ կ’ուզես։
-Ազատութիւն:
-Հասկցայ: Շատ մի՛ խօսիր: Սպասէ՛ ինծի:
– Աղաւնին՝ թեւերուն թափ տալով՝ թռաւ-գնաց եւ օրերով չերեւցաւ:
Խեղճ բանտարկեալը զայն տեսնելու յոյսը կորսնցուց: Ի՞նչ պատահած կրնար ըլլալ: Երբ օր մը այդ մասին կը մտածէր՝ աղաւնին հասաւ՝ կտուցին կտոր մը թուղթ եւ փոքրիկ մատիտ:
-Ահաւասիկ եկայ, որ օգնեմ քեզի: Այս ըսելով աղաւնին թուղթն ու մատիտը  կտուցէն ձգեց պատուհանիկէն ներս:
Բանտարկեալը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց աղաւնիին: Գեղեցիկ ձեռագիրով եւ գեղեցիկ ոճով ան թուղթի կտորին վրայ շատ խիտ տողերուն մէջ գրեց իրեն հետ ամբողջ պատահածը, զգացածը: Թուղթը ոլորեց, վրան գրեց եղբօրը հասցէն, եւ յանձնեց աղաւնիին: Աղաւնին պատուհանին եզրէն կտուցին առաւ բանտարկեալին պզտիկ պատմութիւնը, ճերմակ թեւերը լայն բացաւ ու շատ չանցաւ կորսուեցաւ բանտարկեալին տեսողութենէն: Բանտի խուցին մէջ իր բարեկամին սրտին մէջ ծիլ տուաւ յոյսը: Օրեր եւ շաբաթներ անցան: Աղաւնին ա՛լ չվերադարձաւ:
Օր մը, բանտին խուցին ժանգոտած դուռը աղմուկով բացուեցաւ: Բանտարկեալը ազատ էր:

Լուսին Քիւրքճեան
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
Ժ. Կարգ
2014թ.