ՍԱՆԱ.- Սուրիոյ Փոխադրամիջոցներու Նախարարութիւնը յայտարարեց Դամասկոս-Հալէպ միջազգային ճամբուն վերանորոգման աշխատանքներուն մեկնարկը, Համայի հիւսիսային արուարձաններու Սորան շրջանէն մինչեւ Իտլիպի հարաւային արուարձաններու Խան Շէյխուն շրջան, 20 քլմ. երկայնքով։

Նորոգութեան եւ վերականգնումի աշխատանքներուն մեկնարկը կատարուեցաւ սուրիական բանակին Խան Շէյխունը ազատագրելէն ու ականազերծելէն ետք։

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ճամբուն եւ յարակից կամուրջներուն բոլոր վնասները ստուգելէ ետք, աշխատանքի խումբեր ուղարկած է շրջան անհրաժեշտ նորոգութիւններն ու շինարարական աշխատանքները կատարելու եւ ըստայնմ, ամենակարճ ժամանակամիջոցին, ճամբան բաց յայտարարելու համար։

Յիշենք, որ նախանցեալ օր Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը յայտարարեց Դամասկոս-Հալէպ միջազգային ճամբուն վրայ գտնուող Խան Շէյխունի եւ Մորաք, Լաթամնէ, Քաֆարզէյթա, Լըթմին ու Համայի հիւսիսային, իսկ Իտլիպի հարաւային շրջաններուն մէջ գտնուող շարք մը գիւղերու եւ աւաններու ազատագրումը։