ՍԱՆԱ.- Կիրակի, 25 Օգոստոս 2019-ին, սեյիտ Հասան Նասրալլա Արսալի ազատագրման երկրորդ ամեակին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Պէյրութի հարաւային շրջանի օդային տարածքին մէջ իսրայէլեան օդուժին թափանցումին որպէս պատասխան, այսուհետեւ իսրայէլեան իւրաքանչիւր ինքնաթիռ վար պիտի առնուի: Նասրալլա ըսաւ. «Իսրայէլեան ինքնաթիռները ոչ միայն կը խախտեն Լիբանանի գերիշխանութիւնը, այլեւ քաղաքացիներու կեանքեր կը խլեն: Հետեւաբար այս օրուընէ սկսեալ իսրայէլցի մեր թշնամին թող իմանայ, որ իւրաքանչիւր ինքնաթիռ վար պիտի առնուի: Վերջ գտած է այն ժամանակաշրջանը, երբ Իսրայէլ կը ռմբակոծէր մեզ ու ապահով կը մնար»:
Նասրալլա խօսքը Իսրայէլի ուղղելով ըսաւ. «Սպասեցէք երկու, երեք կամ չորս օր. հիւսիսային Իսրայէլի բնակչութիւնը կը զգուշացնեմ: Բենիամին Նաթանիահուն ձեզ դէպի անդունդ կ’առաջնորդէ, ձեր երբեմնի խաղաղ կեանքը դէմ յանդիման դնելով Իրաքէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն բռնկած հրդեհին»:
Ան շեշտեց, որ Սուրիա հաստատ քայլերով դէպի յաղթանակ կ’ուղղուի: Սուրիական բանակն ու Լիբանանի ազգային դիմադրութիւնը 2011-էն սկսեալ տարածաշրջանին դէմ հիւսուած դաւադրական ծրագիրը տապալելու համար կը նկրտին: Այդ ծրագիրը կը միտի ոչնչացնել դիմադրական շարժումը, բաժնել տարածաշրջանը եւ տիրել անոր՝ ի նպաստ Իսրայէլի:
Նասրալլա եզրափակելով՝ երախտագիտութիւն յայտնեց Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ բանակին՝ ահաբեկչութեան դէմ իրենց մղած անդուլ պայքարին համար, դիտել տալով, որ այդ զոհողութիւններուն շնորհիւ ահաբեկչութեան վտանգը լիբանանեան սահմաններէն ալ վերացաւ: