«Արմէնփրէս».- Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 11 Սեպտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի պատգամաւորներու պատուիրակութիւնը` Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան նախագահ Կի Թեսիէի գլխաւորութեամբ:

ԱԳՆ-ը ողջունած է ֆրանսացի խորհրդարանականները եւ անոնց այցելութիւնը կարեւոր համարած է` Արցախի ներկայ իրավիճակին ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն զարգացման համար:

Մասիս Մայիլեան անդրադարձած է Արցախի պետականաշինութեան գործընթացին եւ տեղի ունեցող ժողովրդավարական զարգացումներուն, յատկապէս, վերջերս կատարուած Տեղական Ինքնակարվարման Մարմիններու ընտրութիւններուն: Արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ անոնք Արցախի ժողովրդավարական արժէքներու հիման վրայ հանրային կեանքի կազմակերպման դրսեւորումներն են:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկկողմ յարաբերութիւններուն, մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք դիմակայելու կարելիութիւններուն: Կողմերը լուսարձակի տակ առած են Արցախի միջազգային կապերու զարգացման անհրաժեշտութիւնը եւ անոր բնակիչներուն հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու անխոչընդոտ իւրացման կարեւորութիւնը:

Մասիս Մայիլեան շեշտած է երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան եւ ապակեդրոնացած գործակցութեան զարգացման ջանքերը կրկնապատկելու անհրաժեշտութիւնը: ԱԳՆ ղեկավարը կարեւոր համարած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան առանցքային դերը: