«Երկիր».-Հայ Օգնութեան Միութեան Քանատայի միաւորին նախաձեռնութեամբ` Lernapharm ընկերութեան նուիրած 1600 արկղ դեղորայքը հասած է Հայաստան:
112 հազար ԱՄՆ տոլարի արժողութեամբ 800 հազար հականեխիչ դեղորայքը ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան միջոցով հաւասարապէս պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի բժշկական հաստատութիւններուն: Մասնաբաժին պիտի յատկացուի նաեւ Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական եւ ՀՕՄ-ի Ախուրեանի մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոններուն համար:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) կանանց բարեսիրական կազմակերպութիւն է, որ անդամ է ՄԱԿ-ի ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հասարակական լրատուութեան բաժինին: 27 երկիրներու մէջ ունի մասնաճիւղեր` աւելի քան 16 հազար անդամով: Հիմնադրուած է 1910-ին: