Վերջերս, Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն հատորը՝ «Խճանկարներ Հայկական Ցեղասպանութենէն» խորագիրով։ Անիկա Թուրքիոյ պետութեան կողմէ յղացուած, կազմակերպուած ու գործադրուած ոճիրին նորագոյն վկայարանն է, որ լուսարձակի տակ կը բերէ որոշ ծալքեր եւ կը յստակացնէ, թէ պատմական ոճիրին իրականացումն ու հետեւանքները ինչպիսի՛ տարողութիւն ունէին եւ կը շարունակեն ունենալ։

Աւելի քան 500 էջերու վրայ տարածուող եւ մեծ թիւով լուսանկարներով հարստացած հատորը ամէն բանէ առաջ առատ ատաղձ կը տրամադրէ ցեղասպանութեան ծալքերը ուսումնասիրողներուն, ի յայտ բերելով ցեղասպանութեան անսահմանափակ տարողութիւնը, մինչդեռ հայկական թէ ոչ հայկական շրջանակներու մէջ անիկա առաւելաբար կը ներկայանայ 1.5 միլիոն հայերու ջարդի, հայկական հողերու բռնագրաւման ու անկէ հայութեան բռնի հեռացման՝ խորագիրներուն տակ։ 28 գլուխ բովանդակող հատորը ծալք առ ծալք կը բանայ որոշ մանրամասնութիւններ, ցոյց տալու համար, թէ պետական վարչամեքենան ու պատասխանատուներ, բժիշկներ, կիներ, մինչեւ անգամ մանուկներ ու ժողովուրդի այս կամ այն խաւի ներկայացուցիչներ ուղղակի մասնակցութիւն բերած են պատմական ոճիրին իրականացման, ուրեմն, ընթերցողին աւելի՛ հասկնալի կը դարձնէ կազմակերպուած ու կանխամտածուած ցեղասպանութիւն հասկացութիւնը։

Բժիշկ Կ. Հարպոյեան հայ ընթերցողին տասնամեակներէ ի վեր ծանօթ է մամուլին մէջ լոյս ընծայած բժշկագիտական յօդուածներով, ինչպէս նաեւ «Բժիշկին Խօսքը» խորագրեալ հատորներու շարքով, ուր գործնական գիտելիքներ կու տայ ընթացիկ եւ նուազ ընթացիկ հիւանդութեանց ու անոնց դարմանումի միջոցներուն մասին։ Վերջին տարիներուն, ան նաեւ ժամանակ գտած է պրպտումներ կատարելու ցեղասպանութիւնը իրականացնողներու տարբեր «փաղանգներուն» մասին եւ ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ի վեր, մամուլին տրուած կամ անտիպ յօդուածներ լոյս կ’ընծայէ նաեւ հատորներով, նախ՝ խղճի պարտք մը կատարողի, ապա նաեւ նոր սերունդներուն յիշեցում կատարելու դերակատարութեամբ։ «Խճանկարներ»ը նման շարքի մը չորրորդն է։ Կը բացուի հեղինակին կողմէ բացատրականով մը, ուր կը նշուի թէ հատորին բովանդակած յօդուածները բոլորովին անտիպ չեն, սակայն մամուլին մէջ նախապէս լոյս տեսածները ճոխացումի եւ վերամշակումի ենթարկուած են, լուսաբանութիւն կու տայ տարբեր գլուխներուն մասին, կը նշէ, որ տարբեր ժամանակներու գրուած սակայն իրարանման նիւթեր շօշափած բաժիններու միջեւ կրկնութիւնները անխուսափելի էին, շնորհակալութեան խօսք կ’ուղղէ մեկենասին՝ Սոնա Մէյվալեան-Կիւրիւնեանին ու բոլոր աջակցողներուն։ «Այս գիրքը թող ըլլայ յուշարար մը Հայ երիտասարդ սերունդին, որպէսզի ան տէր կանգնի եւ հետապնդէ Հայ Դատը, ըլլայ պահանջատէր եւ չզիջի հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներէն՝ մինչեւ ամբողջական հատուցում», կ’եզրափակէ ան։

Սարգիս Մահսէրէճեան ունի յառաջաբան մը, որ կը նկատէ, թէ հեղինակին այս գործին բաժինները կը ներկայացնեն սեւ ու կարմիր, գորշ գոյներով խճանկարներ, որովհետեւ արտացոլացումն են ցեղասպանութիւն կոչուած պատմական ոճիրին։ Ան լուսարձակի տակ կ’առնէ այս ու նման հատորներու տեղը՝ ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրական հատորներու շարքին, նաեւ իբրեւ վկայութիւն՝ անժամանցելի պահանջատիրութեան։

Հատորին 28 գլուխները կարելի է դասել քանի մը խմբաւորումներու մէջ։ Առաջին յօդուածները ցոյց կու տան Թուրքիոյ պետական եւ ժողովրդային տարբեր «խաւերու» մասնակցութիւնը՝ ցեղասպանութեան. մասնակից են պետական պաշտօնեաներ, զինուորականներ, բժիշկներ, կիներ ու մանուկներ, ամբոխը, մէկ խօսքով՝ ո՛չ միայն ծրագրող պետութիւնը, այլ նաեւ ժողովուրդի լայն զանգուածները։ Յաջորդ բաժինը լուսարձակի տակ կը բերէ բռնագաղթի ու ջարդերու հետեւանքով ստեղծուած հայկական գաղթաշխարհը ու մասնաւորապէս որբերուն վիճակը։ Իրարայաջորդ գլուխներով անդրադարձ կը կատարուի Թուրքիոյ իշխանութեան ենթակայ կարգ մը շրջաններու մէջ բացուած որբանոցներուն, ապա նաեւ անոնց Լիբանան տեղափոխութեան ու տասնամեակներ շարունակ այդ երկրին մէջ գործած որբանոցներուն։ Երախտագիտական ու դրուատական էջեր արձանագրուած են որբահաւաքը իրականացնող ու որբերուն հոգատարութիւն տրամադրող հայ թէ օտարական առաքելատիպ անձնաւորութեանց, դատապարտանք՝ որբերը թրքացնելու ծրագիրը իրականացնող թուրքերու, որոնց ոճիրներուն վկայարաններէն մէկն ալ Այնթուրայի որբանոցին գերեզմանատունն է։ Վերջին բաժինով, կան շարք մը վերապրողներու վկայութիւններ, որոնց շարքին հեղինակին ընտանեկան հարազատներ, նշանաւոր հայ դէմքեր։ Այս բաժինին մէջ կան նաեւ հայկական կարգ մը աւաններու մասին պատմական ուսումնասիրութիւններ։

Հատորին բովանդակութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, ընթերցողը պիտի նկատէ, թէ պատահական չէ, որ անիկա ձօն մըն է հեղինակին աներոջ ու զոքանչին, որոնք փրկուած են Ցեղասպանութենէն ու իրենց վերապրումով իսկ պատգամ մը ունին ընթերցողին, հայութեան արդար իրաւունքներուն պաշտպան նոր սերունդներուն։

Վերջին կողքին վրայ կը գտնենք հեղինակին հակիրճ կենսագրութիւնը։