«Ապառաժ».-23 Սեպտեմբերին ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն սկսած է արտախորհրդարանական ուժերու հետ հանդիպումներ կատարել:

ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ը հանդիպում ունեցած է Արցախի Արմենական արտախորհրդարանական կուսակցութեան նախագահ Պորիս Առուշանեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Դաշնակցութեան ներկայացուցած օրակարգը, որ, ընդհանրապէս, ընդունելի համարուած է Արցախի Արմենական Կուսակցութեան նախագահին կողմէ:
Պորիս Առուշանեան մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի մէջ երկու տասնեակէն աւելի կուսակցութիւններու առկայութենէն, որ, ըստ իրեն, կրնայ առաջնորդել քաղաքական դաշտի փոշիացման եւ հասարակութեան բեւեռացման: Որպէս լուծում Առուշանեան առաջարկած է քաղաքական դաշինքներու ձեւաւորումը:
Յիշեցնենք, որ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն նախքան արտախորհրդարանական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումը բանակցութիւններ վարած է Արցախի խորհրդարանէն ներս ներկայացուած Արցախի ժողովրդավարական, «Շարժում 88» եւ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Յիշենք, որ խորհրդարանական ուժերէն ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի բանակցութիւններու առաջարկը մերժած է միայն Ազգային Վերածնունդ Կուսակցութիւնը:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ըսած է.
«ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն գնահատելի կը համարէ մինչեւ օրս տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մէջ քաղաքական ուժերու` երկրին առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման ընկալումը»: