«Ապառաժ».-24 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ը հանդիպում ունեցած է Արցախի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ` Արցախի ՌԱԿ նախագահ Պարտուղ Գալստեանի գլխաւորութեամբ:
Արցախի ՌԱԿ ներկայացուցիչները ողջունած են միասնական օրակարգ ձեւաւորելու ՀՅԴ նախաձեռնութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են մասնակցելու հետագայ քննարկումներուն:
Իսկ 25 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Արցախի ԿԿ հանդիպած է «Ինքնութիւն եւ Միասնութիւն» կուսակցութեան վարչութեան անդամներ Էրիկ Մկրտումեանի, Արայիկ Աւանեսեանի եւ Տիգրան Գաբրիէլեանի հետ:
Կուսակցութեան վարչութեան անդամները գնահատելի եւ ողջունելի համարած են ՀՅԴ նախաձեռնութիւնը, եւ յայտնած, որ ընդհանրութեան մէջ կը բաժնեկցին արծարծուած մտահոգութիւնները: «Ինքնութիւն եւ Միասնութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչները կարեւոր համարած են քաղաքական դաշտի կայացումը, ուր կուսակցութիւնները լուրջ ընելիքներ ունին: